Եուրօ-2012. Տիտղոսակիր Սպանիա 4-0 Արդիւնքով Ջախջախելով Իտալիան Հանդիսացաւ Առաջին Խումբը, Որ Տիտղոսը Պահեց Իր Մօտ
Քիեւի (Ուքրանիա) Ողիմպիական դաշտին վրայ երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան տիտղոսակիր Սպանիա եւ Իտալիա` 63 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Մրցումը ակնկալուածին պէս սկսաւ բաւական լաւ ձեւով` նկատի ունենալով, որ երկու կազմերն ալ յարձակողական ոճով սկսան մրցումը` փորձելով իրենք ըլլալ մրցումին բացման կոլը նշանակողը:
Սակայն Սպանիա ինք է, որ ճնշելով Ճիանլուիճի Պիւֆոնի բերդին վրայ, արդէն իսկ 14-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը` շնորհիւ Տաւիտ Սիլվայի նշանակած կոլին: Տիտղոսակիրը Ա. կիսախաղը աւարտեց 2-0 արդիւնքով յառաջանալով, երբ Ժորտի Ալպա 41-րդ վայրկեանին նշանակեց երկրորդ կոլը:
Բ. կիսախաղի կէսերուն, Սպանիա իր տիրապետութեան տակ առնելով Իտալիան, շուրջ 15 վայրկեան առիթ չտուաւ, որ գնդակը դաշտին կէսէն դէպի իր բերդը ուղղուի, երբ Սպանիոյ բերդապահ Իքեր Քասիաս մնաց գրեթէ անգործ:
Ֆեռնանտօ Թորես, որ 75-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայանալով փոխարինեց Սեսք Ֆապրեկասը, 84-րդ վայրկեանին արդիւնքը բարձրացուց երեքի: Այլ մարզիկ մը Խուան Մաթա, որ դաշտ ներկայացաւ 87-րդ վայրկեանին, մէկ վայրկեան ետք արդէն իսկ նշանակեց Սպանիոյ եւ մրցումին վերջին կոլը, մեծ յուսախաբութիւն եւ տխրութիւն պատճառելով իտալացիներուն, որոնք նմանօրինակ ծանր եւ խայտառակ պարտութիւն մը չէին ակնկալեր` 4-0 արդիւնքով:

Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտականը, որ 14-րդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենար, այսքան մեծ թիւով կոլերու ականատես չէր եղած: Ամէնէն բարձր արդիւնքը արձանագրուած էր 1972-ին, երբ նախկին Արեւմտեան Գերմանիա 3-0 արդիւնքով յաղթած էր նախկին Խորհրդային Միութեան:
Ամէնէն շատ կոլ նշանակելէ բացի, Սպանիա հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ տիտղոսը պահեց իր մօտ: Անիկա Եուրօ-2008-ին 1-0 արդիւնքով յաղթած էր Գերմանիոյ: Անիկա նաեւ տիտղոսին տիրացած էր 1964-ին:
Նշենք, որ 2010-ին Սպանիա հանդիսացած էր նաեւ աշխարհի ախոյեան` տիրանալով Մոնտիալի տիտղոսին:
Սպանիա այսպիսով հանդիսացաւ եւրոպական առաջին խումբը, որ կը տիրանայ յաջորդական երեք կարեւոր տիտղոսներու:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` փորթուգալցի Փետրօ Փրոյենքա, որ միայն երկու անգամ գործածեց իր դեղին քարտը (իւրաքանչիւր կազմէն մարզիկ մը), ունեցաւ բացառիկ մրցում մը` միշտ տիրապետելով կացութեան եւ անոր ղեկը պահելով իր ձեռքերուն մէջ:
Գնդակը 52 տոկոսով մնաց Սպանիոյ մարզիկներուն մօտ: Երկու կազմերը ձեռք ձգեցին երեքական քորնըր: Սպանիա կատարեց 17 ֆաուլ, մինչ Իտալիա` 10:
Ինչ կը վերաբերի մրցաշարքին կոլսքորըրներուն, վեց մարզիկներ նշանակած են 6-ական կոլ: Անոնք են` Ֆեռնանտօ Թորես (Սպանիա), Մարիօ Կոմեզ (Գերմանիա), Ալեն Ծակոյեւ (Ռուսիա), Մարիօ Մանտզուքիչ (Խրուաթիա), Մարիօ Պալոթելլի (Իտալիա) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Փորթուգալ):
Նշենք, որ նախքան աւարտական այս մրցումը, տեղի ունեցաւ փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Ստորեւ կու տանք Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած խումբերը.
1960` նախկին Խորհրդային Միութիւն, 1964` Սպանիա, 1968` Իտալիա, 1972` նախկին Արեւմտեան Գերմանիա, 1976` նախկին Չեխոսլովաքիա, 1980` նախկին Արեւմտեան Գերմանիա, 1984` Ֆրանսա, 1988` Հոլանտա, 1992` Դանիա, 1996` Գերմանիա, 2000` Ֆրանսա, 2004` Յունաստան, 2008` Սպանիա եւ 2012` Սպանիա:
Երէկուան աւարտական մրցումէն ետք Սպանիոյ խմբապետ Իքեր Քասիաս տիտղոսը ստացաւ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի նախագահ Միշել Փլաթինիէն:

