Ճատրակի Իւրայատուկ Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին, երէկ` կիրակի, 1 յուլիսին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի յատուկ մրցաշարք մը:

Անիկա եղաւ յատուկ այն իմաստով, որ Յակոբ Պապիկեան մրցեցաւ 16 երկսեռ կրտսերներու դէմ: Ան իրեն մրցակից ունեցաւ Փիթըր Մուրատեանը, Լեւոն Շնորհոքեանը, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեանը, Արմէն Եղիայեանը, Հրակ Լախեանը, Նանօր Առնելեանը, Նժդեհ Ճիրիշեանը, Հրակ Գալայճեանը, Կարօ Քէօշկերեանը, Հրակ Ճինպաշեանը, Արի Աւետիսը, Հայկ Աւետիսը, Լեւոն Գալայճեանը, Հրայր Գասապեանը, Արէն Պապիկեանը եւ Արփի Պապիկեանը:

Նախքան այս մրցաշարքին սկսիլը, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախկին անդամ Էլի Հուլիշեան շուրջ քսան վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզի օգտագործմամբ յատուկ ցուցմունքներ տուաւ մասնակցողներուն, թէ ի՛նչ ձեւով պէտք է կատարել ճատրակի մրցում մը` ընդհանրապէս, եւ ի մասնաւորի այս յատուկ մրցաշարքը, որ ճանչցուած է «Սիմուլթանիս» անունով, որուն ընթացքին անձ մը կը մրցի (ճերմակ քարերով) նստած անձերուն դէմ:

Մասնակցողները ուշի ուշով մտիկ ընելէ ետք Էլի Հուլիշեանի կատարած ցուցմունքները սկսան իրենց մրցումին` Յակոբ Պապիկեանի դէմ:

Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, բոլոր մասնակցողները բաւական լրջութեամբ մօտեցան իրենց մրցակիցին` փորձելով տալ իրենց առաւելագոյնը, յաւելեալ ճիգ թափելով, որպէսզի իրենց մրցակիցին դէմ քարերու շատ «զոհեր» չտան:

Եղան պարտուողներ, հաւասարութիւն արձանագրողներ եւ նոյնիսկ յաղթանակ արձանագրող մը: Միակ յաղթանակը արձանագրողը հանդիսացաւ Կարօ Քէօշկերեան:

Իսկ Յակոբ Պապիկեանի հետ հաւասարութիւն արձանագրեցին Հրայր Գասապեան, Լեւոն Գալայճեան, Հայկ Աւետիս, Հրակ Ճինպաշեան, Հրակ Գալայճեան, Նանօր Առնելեան, Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան, Լեւոն Շնորհոքեան եւ Փիթըր Մուրատեան:

Ինչ կը վերաբերի մնացեալ վեցին, որոնք պարտութիւն կրեցին, Յակոբ Պապիկեանի իսկ վկայութեամբ, յաջողեցան բաւական տպաւորիչ մրցում կատարել, սակայն փոքր պզտիկ պատճառով անոնք հաւասարութիւն կամ յաղթանակ չկրցան արձանագրել:

Աւարտին, Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ճատրակի յանձնախումբի ատենապետ Վարդան Նաճարեան, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի ատենապետ Իշխան Եղիայեան եւ այլ պատասխանատուներ յատուկ հաստատագիրներ յանձնեցին բոլոր մասնակցողներուն` առ ի քաջալերանք:

Իսկ Կարօ Քէօշկերեան, որ միակն ըլլալով յաղթանակ արձանագրած էր, ստացաւ յատուկ մետալ մը:

Աւարտին տեղի ունեցած հիւրասիրութենէն ետք, բոլոր մասնակցողները ուրախ տրամադրութեամբ հեռացան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES