ՈՒՏԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Ժամանակի ընթացքին է, որ նոր սովորութիւններ եւ առարկաներ սկսան կամաց-կամաց յայտնուիլ ճաշի ընթացքին: Սակայն սպասները եւ գեղեցիկ սեղանները դարերու ընթացքին թագաւորներու եւ ամէնէն հարուստներու սեփականութիւնը կը մնան:
«ՀԱՃԻՔ` ՍՓՌՈՑԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ»
Առաջին դարու վերջաւորութեան Հռոմի մէջ է, որ կը յայտնուի սփռոցի եւ ճաշի անձեռոցիկներու գործածութիւնը: Հիւրերը երբեմն այդ անձեռոցիկները կը գործածեն նաեւ իրենց ճաշին մնացորդները հետերնին տանելու համար…
Սեղանին վրայ սփռոց դնելու սովորութիւնը վերջնականապէս կ՛որդեգրուի միջին դարերուն: Մարդիկ երբեմն զայն կը փոխարինեն վարդերով կամ դաշտի վայրի ծաղիկներով: Սակայն անձեռոցիկները այլեւս չեն գործածուիր եւ անոր փոխարէն` մարդիկ կը սրբուին պարզապէս սփռոցը գործածելով: Վերածնունդի շրջանին է, որ կը վերայայտնուի անձեռոցիկի գործածութիւնը: Այդ օրերուն մարդիկ զանոնք կը դնեն կա՛մ իրենց թեւին վրայ, կա՛մ ալ ուսին:
ՊԱՏԱՌԱՔԱՂ ՄԸ` ՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՓՈԽԱՐԷՆ
Դգալը եւ պատառաքաղը երեւցած են Քրիստոսէ առաջ. սակայն, մինչ դգալը անմիջապէս գործածուած է ուտելու համար, պատառաքաղը շատ աւելի ուշ գտած է իր տեղը սեղանին վրայ:
Մինչեւ միջին դարերու վերջաւորութիւնը անիկա պարզապէս խոհանոցի իր մըն է, եւ մարդիկ մատներով կ՛ուտեն: Սեղանին վրայ անոր գործածութիւնը, որ Իտալիոյ մէջ արդէն տարածուած էր 15-րդ դարուն, կ՛ընդհանրանայ միայն 17-րդ դարու վերջաւորութեան: 16-րդ դարուն Հանրի 3-րդ թագաւորը իր հիւրերուն զարմանքը կը յառաջացնէր իր ուտելիքները պատառաքաղով մը բռնելով:
ՄԷԿ ՊՆԱԿ ԲՈԼՈՐԻՆ ՀԱՄԱՐ
Հռոմէացիներն են, որոնք պնակները կը հնարեն: Հարուստներունը փորագրուած արծաթէ է: Սակայն անոնց գործածութիւնը կը կորսուի միջին դարերուն, մարդիկ կը գործածեն խորունկ ամաններ եւ տախտակներ, ուտելիքը վրան դնելու համար: Թագաւորները արծաթէ տախտակ մըն է, մինչ ժողովուրդը պարզապէս հացի շերտ մը կը գործածէ միսը վրան դնելու համար:
Սակայն երկար ժամանակ բազմաթիւ սեղանակիցներ կրնան ուտել ճաշի նոյն մեծ պնակէն կամ ապուրի ամանէն: 16-րդ դարուն է, որ անձնական պնակները դարձեալ կամաց-կամաց կը յայտնուին:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…
Չինաստանի մէջ, աւելի քան երեք հազար տարիներ առաջ, չինացիները արդէն ցպիկներ կը գործածէին ուտելու համար, եւ ճաշի պատրաստութիւնը նուրբ արուեստ մըն էր:
- Միջին դարերուն սեղանակիցները կը նստէին միասին, երկար նստարաններու վրայ:
- Խոհանոցի առաջին գիրքը գրուած է պապին մէկ գրադարանավարին կողմէ: Անիկա տպուած է 1475 թուականին, Վենետիկի եւ Ֆլորանսի մէջ: