ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – «ՊՆԱԿ ՄԸ ԿԵՐԱԿՈՒՐ»Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Պէյրութի հայութիւնը նուիրական պարտականութիւն մը կատարելու առիթը պիտի ունենայ վաղը: Լիբանանահայ օգնութեան խաչի հանգանակիչ յանձնախումբերը վաղը տունէ տուն պիտի շրջին` «Պնակ մը կերակուր»ի տարեկան հանգանակութեան համար:
Աւելի քան տասնեւհինգ տարիէ ի վեր շարունակուող այս ձեռնարկը աւանդութիւն մը դարձած է այլեւս:
«Կաթիլներով կարելի է լիճ գոյացնել» կ՛ըսէ ժողովուրդը: Կարելի զոհաբերութեամբ եւ նիւթական օժանդակութեամբ, կարելի է դիւրացնել դժուարութիւնները, որոնք կը ցցուին մեր հանրային կեանքին մէջ, բազմահազար չքաւոր կամ անկար հայ մարդոց տնտեսական կամ ընկերային դժբախտութեան պատճառով:
Մեր ժողովուրդը ատեն մը կու տար զգացական տրամադրութիւններով, մարդասիրական կամ այլասիրական զգացումներու մղումովը միայն, եւ տալէ ետք, չէր մտածեր մնացեալին մասին:
Այսօր ներելի չէ միայն զգացականօրէն շարժիլ: Պարտաւոր ենք գիտակցիլ, թէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը «ցրուող» մը կամ «բաշխող» մը չէ միայն` այլ արթնօրէն բռնած է մեր ժողովուրդին բազկերակը` գտնելու համար անոր տկար կամ վիրաւոր կողմերը, ըստ այնմ մատակարարելու համար իրենց յանձնուած գումարները:
Կամայական կարգադրութեան մը կամ պատահական քմահաճոյքի մը արդիւնք չէ այն իրողութիւնը, որ բովանդակ գաղթաշխարհի մէջ օգնութեան միութեան կամ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը կրթական եւ դաստիարակչական մարզերու վրայ կեդրոնացուցած են իրենց աշխատանքն ու ուշադրութիւնը եւ հանգանակութեանց կամ նուիրատուութեանց գումարներու մեծագոյն տոկոսը կը յատկացնեն կարօտ ծնողներու ուսումնատենչ զաւակներուն մարմնաւոր եւ մտաւոր սերունդին, հոգեկան աշխարհի կազմաւորման, հայեցի եւ տոհմիկ դաստիարակութեան եւ հնարաւորութեան սահմաններու, նոր սերունդի մասնագիտական պատրաստութեան:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, համազգային այլ կազմակերպութիւններու կողքին, ընկերային եւ ազգային ընդհանրական առաքելութեան մը կոչուած է տասնեակ տարիներէ ի վեր: Եւ մեր օրերուն, աւելի քան երբեք, կենսական դեր ունի կատարելիք: Մեր նոր միջավայրերուն մէջ, տնտեսական համեմատական կամ յարաբերական վերելք արձանագրած ըլլալով հանդերձ, կենսականօրէն պէտք ունինք նոր յենակներու` այժմեան պայմաններու եւ ստիպողութեանց համաձայն սերունդ մը դաստիարակելու համար: Մանաւանդ մեր գաղութին մէջ, ուր հայ բազմութիւններ չքաւորներու մեծ թիւ մը ունին իրենց ծոցին մէջ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը պարտականութիւն կը զգայ անտէր եւ անօգնական չձգելու մեր ժողովուրդի դժբախտ զաւակները:
Եւ անշուշտ, այս ուղղութեամբ, առաւելապէս կը վստահի մեր հոծ զանգուածներու ոչ միայն զգացումին, այլեւ` գիտակցութեան: Ոչ միայն այլասիրութեան, այլ նաեւ` ազգային մտածողութեան:
«Պնակ մը կերակուր»ի վաղուան հանգանակութիւնը, իր փայլուն յաջողութեամբ, որուն վստահութիւնն ունինք, նոր եռանդ եւ գրգիռ պիտի տայ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` կրթական-դաստիարակչական ճակատի վրայ իր կենսական դերը շարունակելու, աւելի՛ վճռականութեամբ եւ յաւելեալ խանդավառութեամբ:
Իւրաքանչիւր հայրենակից, որ կը բաժնէ մեր այս մտահոգութիւնները, վստահ ենք, որ կը բաժնեն բոլորը անխտիր, իր առաւելագոյնով պիտի սատարէ օգնութեան խաչի այս ձեռնարկին, որ հոգեկան մեծ բաւարարութիւն մը կու տայ իրեն` իբրեւ մէկ անդամը տարագիր, այլ ասպետական այս ժողովուրդին:
Այս վստահութեամբ ապահով կը նկատենք վաղուան հանգանակութեան յաջողութիւնը, հայ ժողովուրդի հոգիին խոր ճանաչումով:
Հայը ազնիւ զգացումներու ժողովուրդ է եւ վաղը անգամ մը եւս առիթը պիտի ունենայ այս զօրաւոր ճշմարտութիւնը փաստելու: