Ծխելը Արգիլող Օրէնքէն Ետք Պելճիքայի Մէջ Հինգ Հազար Սրճարան Փակուած Է

Պելճիքական «Լը Սուար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ծխելը բացարձակապէս արգիլող օրէնքին ուժի մէջ մտնելէն ետք Պելճիքայի մէջ շուրջ հինգ հազար սրճարան փակուած է:

Օրէնքը ուժի մէջ մտած էր 1 յուլիս 2011-ին: Այդ ժամանակ փակուած էր 1351 սրճարան: Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ օրս 4943 սրճարան փակուած է, եւ այս տարի փակուող սրճարաններու համեմատութիւնը 38 առ հարիւրով աւելի է, քան անցեալ տարին:

Սակայն, Պելճիքայի Ազգային վիճակագրական հիմնարկը հրապարակած է տուեալներ, ըստ որոնց, առհասարակ վերջին 17 տարիներուն սրճարաններու փակման աճ նկատուած է, եւ յանձնարարած է այդ երեւոյթը չկապել միայն ծխելը արգիլող օրէնքին հետ:

Share this Article
CATEGORIES