Եւրոյի Գօտիին Մէջ Գործազրկութեան Ցուցանիշի Նոր Մրցանիշ Հաստատուած Է
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան «Եուրոսթաթ» վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած վերջին տուեալները ցոյց կու տան, որ այս տարուան մայիսին եւրոյի գօտիին մէջ արձանագրուած է գործազրկութեան ամէնէն բարձր ցուցանիշը` 11.1 առ հարիւր:
«Ասիկա գործազրկութեան ամէնէն բարձր ցուցանիշն է, որ 1999-ին եւրոն շրջանառութեան մէջ դնելէն ի վեր արձանագրուած է եւ ուղղակի կապուած է Եւրոյի գօտիին մէջ գոյութիւն ունեցող տնտեսական ճգնաժամին հետ», կը նշէ օրաթերթը:
Ըստ «Եուրոսթաթ»-ի, Եւրոյի գօտիի անդամ 17 պետութիւններուն մէջ ընդհանուր առմամբ գործազուրկներու թիւը 17.6 միլիոն է` 1.8 միլիոնով աւելի քան անցեալ տարուան միեւնոյն ժամանակաշրջանին արձանագրուած ցուցանիշը: Սակայն այս թիւերը Եւրոյի գօտիի ամբողջ տարածքին մէջ հաւասարապէս չեն բաշխուած: Գործազրկութեան թիրախին մէջ յայտնուած են առաւելաբար Յունաստանի եւ Սպանիոյ հասարակական մարզերը, ուր այս տարուան մայիս ամսուան ընթացքին գործազուրկներուն համեմատութիւնը կազմած է 24.6 առ հարիւր:
Այս առումով վիճակը զգալի կերպով կայուն է Եւրոյի գօտիի հիւսիսային երկիրներուն մէջ, որոնցմէ ամէնէն նպաստաւոր դիրքին վրայ է Գերմանիան` 5.6 առ հարիւրով:
Մասնագէտներու նախատեսութիւնները այս հարցին մէջ յուսադրող չեն, որովհետեւ անոնք նկատել կու տան, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին գործազրկութեան աճի միտումը պիտի պահպանուի:

