«Թուրքիա Եւ Ռուսիա Ուժանիւթի Հարցերուն Մէջ Խնդիրներ Պիտի Չունենան» Կ՛ըսէ Եըլտըզ

Թաներ Եըլտըզ

Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարած է, որ սուրիական տագնապին պատճառով Թուրքիան Ռուսիոյ հետ ուժանիթի հարցերուն մէջ որեւէ խնդիր պիտի չունենայ:

«Սուրիոյ հարցով, եթէ նոյնիսկ տարբեր մարզերու մէջ համաձայնութիւն չըլլայ, ուժանիւթի մարզին մէջ որեւէ խնդիրի առջեւ պիտի չկանգնինք, որովհետեւ անոնք ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցեր են: Ռուսիոյ հետ լուրջ կապեր ունինք եւ կը գիտակցինք, որ այս երկու երկիրներուն հետ ալ պէտք է զգուշութեամբ գործել: Որեւէ դժուարութիւն այս հարցին մէջ չենք կանխատեսեր», ըսած է ան:

Անդրադառնալով ահաբեկչութեան պատճառով Իրանէն բնական կազի հոսքի դադրեցման հարցին` ան յայտարարած է, որ ատիկա Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կազմակերպած արարքն է, եւ վաղը խողովակաշարը վերականգնուած պիտի ըլլայ:

 

Share this Article
CATEGORIES