Յունաստանի Նոր Նշանակուած Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Քննադատէ Թուրքիոյ Քաղաքականութիւնը
Թրքական «Հապերթիւրք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս քննադատած է Կիպրոսի հարցին գծով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը:
Ան նշած է, որ Թուրքիա պէտք է դադրեցնէ Կիպրոսի հարցին մէջ սպառնալիքներ ուղղելն ու յարձակողապաշտ կեցուածքը, ինչպէս նաեւ չխոչընդոտէ Կիպրոսի երկու հատուածներուն վերամիաւորումը:
Տիմիթրիս Աւրամոփուլոս այս յայտարարութիւնները կատարած է Նիկոսիոյ մէջ իր կիպրացի գործընկերոջ` Էրաթօ Քոզաքու-Մարքուլիսի հետ հանդիպումէն ետք, ճիշդ այն օրը, երբ Կիպրոս պաշտօնապէս ստանձնեց Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը:
Յոյն նախարարը յայտարարած է, որ Թուրքիա պարտաւոր է վերջապէս ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ յառաջիկայ ամիսներուն Կիպրոս պիտի ղեկավարէ Եւրոպական Միութիւնը:
CATEGORIES Միջազգային


