ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ-ՎԱՃԱՌՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Հայերէնի մրցումին ընթացքին

Երէկ շարունակուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառքը:

Առաւօտեան ցուցահանդէս այցելեցին Վահան Թէքէեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններէն աշակերտական խումբեր:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ նախակրթարանի 4-5-6-րդ դասարաններու հայերէն եւ արաբերէն ընթերցանութեան մրցանքները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Ազգային Սուրէն Խանամիրեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Եղիշէ Մանուկեան, Նուպարեան Խրիմեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Աբգարեան,   վարժարանները, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան, Գ. Հարպոյեան եւ  Ս. Ագնէս վարժարաները, Հայ աւետարանական քոլեճը, Կեդրոնական բարձրագոյն եւ Կերթմենեան վարժարանները, Վահան Թէքէեան, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան  եւ Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանները:

Արաբերէնի մրցումին ընթացքին

Տեղի ունեցան նաեւ զարգացման մրցանքներ եւ ճշգրիտ պատասխանողները տեղւոյն վրայ ստացան նուէրներ:

Յայտնենք, որ այսօր երեկոյեան ժամը 5-ին տեղի պիտի ունենայ տարրական բաժինի աշակերտներու գեղարուեստական յայտագիրներու ներկայացման երկրորդ բաժինը:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES