ԵՄԷՆԻ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԾՈՑԻ ԾՐԱԳԻՐԻՆ ՇՈՒՐՋ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Եմէնի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները երէկ Արաբական ծոցի միջնորդներուն կոչ ուղղեցին յստակացնելու, թէ Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ իշխանութիւնը կանուխ պիտի յանձնէ՞:

Ընդդիմութեան բանբեր Մոհամետ Քահթան երէկ յայտնեց, որ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները մտահոգութիւններ ունին «իշխանութեան փոխանցման» շուրջ, որ Սալեհի հեռացման ժամկէտ մը չի ճշդեր, իսկ ընդդիմութիւնը կը պահանջէ, որ ան անմիջապէս հրաժարի:

Ան «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «Ծոցի երկիրները պէտք է իշխանութեան փոխանցման իմաստը յստակացնեն»` աւելցնելով, որ այդ երկիրները Ռիատի մէջ բանակցութեանց իրենց հրաւէրին թուական մը տակաւին չեն ճշդած: «Մենք անոնց հեռաձայնային հաղորդակցութեան կը սպասենք® Թուական մը չենք ստացած, անոնց հեռաձայնային հաղորդակցութիւն կը սպասենք` տեսնելու համար, թէ իրենց կողմէ նոր առաջարկ մը կայ», ըսաւ Քահթան:

Ընդդիմութիւնը երկուշաբթի օր մերժած էր Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ այդ նախաձեռնութիւնը կը թուի Սալեհի անձեռնմխելիութիւն շնորհել:

Միւս կողմէ, Սալեհի հետ նոյն ցեղախումբի անդամ զօր. Ալի Մոհսեն, որուն հրամանատարութեան տակ գտնուող ուժերը կը պաշտպանեն մայրաքաղաք Սանաայի մէջ ցուցարարները, ողջունեց Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ծրագիրը եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց ընդունելու զայն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES