ՖՐԱՆՍԱ ԵՒ ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՕԹԱՆ-Ի ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԱՇԽՈՒԺԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

Ալեն Ժիւփէ

Ֆրանսա եւ Բրիտանիա, որոնք Միացեալ Նահանգներու հետ Լիպիոյ մէջ առաջին օդային հարուածները կատարողներն էին, երէկ յայտնեցին, որ ՕԹԱՆ քաղաքայինները պաշտպանելու համար պէտք է աշխուժացնէ Մոամմար Քազզաֆիի ուժերուն ծանր զէնքերը հարուածող գործողութիւնները:

ՕԹԱՆ 31 մարտին Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատման գործողութեանց հրամանատարութիւնը ստանձնեց Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, սակայն շրջափակումի ենթակայ Միսրաթայի բուռն ռմբակոծումը կը շարունակուի` պատճառելով հարիւրաւոր զոհեր: Փարիզ եւ Լոնտոն ՕԹԱՆ-ը քննադատեցին երկուշաբթի օր Միսրաթայի ռմբակոծումէն եւ Ափրիկեան միութեան խաղաղութեան նախաձեռնութեան ձախողութենէն ետք:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ իր ձայնը լիպիացի ըմբոստներուն միացնելով «Ֆրանս-ինֆօ» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ-ի գործողութիւնները «բաւարար չեն», եւ ՕԹԱՆ պէտք է Միսրաթայի մէջ քաղաքայինները թիրախ դարձնող զէնքերը հարուածէ: «ՕԹԱՆ իր դերը ամբողջական կերպով պէտք է կատարէ: ՕԹԱՆ գործողութիւններուն հրամանատարութիւնը ստանձնել ուզեց», նշեց Ժիւփէ: Ան նաեւ Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղեց` Միսրաթային յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին յայտնեց, որ ՕԹԱՆ պէտք է աշխուժացնէ իր յարձակումները` դաշինքի անդամ այլ երկիրներուն կոչ ուղղելով Բրիտանիոյ նման գործողութիւններուն համար յաւելեալ ռմբաձիգներ տրամադրելու:

ՕԹԱՆ մերժեց քննադատութիւնը` յայտնելով, որ Լիպիոյ մէջ իր գործողութիւնները աշխուժ կերպով եւ ներկայ լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ կը կատարէ: «Գործողութիւններուն կշռոյթը վճռողը բնակչութիւնը պաշտպանելու կարիքն է», նշեց ՕԹԱՆ: Լիպիական պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՕԹԱՆ-ի մէկ հարուածը երէկ Թրիփոլիէն հարաւ գտնուող Քիքիա քաղաքին մէջ պատճառած է զոհեր, որոնց շարքին` քաղաքայիններ եւ ոստիկաններ:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ կառավարութենէն պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց, որ Լիպիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Մուսա Քուսա Քաթար կը մեկնի` Տոհայի մէջ Լիպիոյ շուրջ խորհրդաժողովի մը ընթացքին Քազզաֆիի անմիջական շրջանակին մասին զեկուցելու համար:

Քուսա «Պի.Պի.Սի.»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին «բոլորին, բոլոր կողմերուն» կոչ ուղղեց` «աշխատանք տանելու Լիպիան քաղաքացիական պատերազմի տանելէն զգուշանալու»: «Ասիկա արիւնահեղութեան պիտի առաջնորդէ եւ Լիպիան նոր Սոմալիի մը վերածէ: Ատկէ աւելի, մենք կը մերժենք Լիպիան մասնատել: Լիպիոյ միասնականութիւնը որեւէ լուծումի եւ համաձայնութեան համար կենսական է» նշեց ան:

 

Share this Article
CATEGORIES