Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն այս հանգրուանին եւ ցնոր տնօրինում Լիբանան չճամբորդելու` իրենց ապահովութեան համար:

ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները երէկ փակեցին ընկերութեան մայր մուտքին դարպասը` պահանջելով իրենց իրաւունքները: Սարակները հաստատեցին, որ իրենք երբեք վնաս պիտի չհասցնեն ընկերութեան պաշտօնեաներուն: Անոնք կոչ ուղղեցին իրենց նիւթական իրաւունքները ստանալու եւ հաստատ պաշտօնեաներ դառնալու հարցը չքաղաքականացնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ խմբաւորումները ամէնօրեայ դրութեամբ յարձակումներ կը գործեն բանակին եւ սուրիացիներուն դէմ: Ան շեշտեց այդ զինեալներուն ֆինանսաւորման վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ երեխաներուն դէմ բռնութիւններու արգիլման հարցը նախարարութեան աշխատանքներուն մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ Մարուն Ռասի բնակիչներուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումը անձնական բնոյթ ունեցող միջադէպ է եւ ոչ մէկ կապ ունի Հըզպալլայի հետ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլ կը պատրաստուի ստորերկրեայ պատերազմի մը, իսկ Հըզպալլա շինած է գետնափոր փապուղիներու ցանց մը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ 2012-ի ամավարկին նկատմամբ իր կեցուածքը ժխտական չէ, սակայն ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է նկատի ունենալ Մուսթաքպալ հոսանքի դիտողութիւնները:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, շէյխ Ահմետ Ասիրի համակիրներուն կողմէ Սայտայի ճամբուն փակման լոյսին տակ, Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի պատասխանատուներ ապահովական կառոյցներուն յայտնած են, թէ Սայտա տանող ծովային ճամբան փակելը կարմիր գիծ է:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին, հանդիպելէ ետք հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտիի, յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող պայմաններուն լոյսին տակ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը այդքան ալ վատ չէ:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շեշտեց, որ պէտք չէ երկրին կայունութեան հսկող լիբանանեան բանակը մնայուն կերպով թիրախ դարձնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում համախմբումի երեսփոխան Ալի Օսէյրան յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը հանդիպի` երկիրը յուզող հարցերուն լուծումներ գտնելու համար:

ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայ պայմանները չեն ներեր ժողովրդավարական աշխատանքներ կատարելու:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը պիտի գոյատեւէ եւ Իսրայէլի դիմադրելու զինուորական իր կարողութիւնները պիտի հզօրացնէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի շեշտեց, որ Ուատի Խալետի մէջ արձանագրուածը վտանգաւոր նախընթաց է եւ Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ ստորագրուած բոլոր համաձայնութիւնները կը ջրէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ սուրիական յարձակումները տակաւին ընթացքի մէջ են. ան շեշտեց, որ կառավարութիւնը պէտք է դէմ դնէ այդ արարքներուն:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, նախկին երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ սուրիական բանակը պառակտելու եւ սուրիացիները իրենց իշխանութեան դէմ հրահրելու Արեւմուտքի փորձերը ձախողած են ու վերջ գտած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց պահպանելու լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը եւ երկիրը հեռու պահելու ամէն տեսակի սադրանքներէ:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ պէտք է վտանգներով լեցուն այս հանգրուանին ամրապնդել լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով եւրոպացի դիւանագէտներէ, գրեց, որ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը կախարդական խառնուրդ մըն է, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելը արգիլուած է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան շեշտեց, որ քաղաքականութեան մէջ իրենք չափաւորական են, սակայն ազգային սկզբունքներուն նկատմամբ իրենք երբեք չափաւորական չեն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES