Սուրիական Ջոկատ Մը Կը Խախտէ Լիբանան-Սուրիա Սահմանը Եւ Կը Ձերբակալէ Լիբանանեան Ապահովական Ուժեր
Լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելու շրջագիծին մէջ, երէկ սուրիական ուժերու ջոկատ մը խախտեց հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանը եւ սահմանամերձ Պուքայաա շրջանին մէջ ձերբակալեց Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոնէն երկու անդամներ եւ զանոնք տարաւ Սուրիա:
Ապա սուրիական ջոկատը լիբանանեան Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու երկու անդամները ազատ արձակեց:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը այս հարցին կապուած համապատասխան հետաքննութիւն բացաւ, իսկ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնը այդ մասին տեղեակ պահեց ներքին գործոց նախարարը:
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել խստիւ մերժեց սուրիական ուժերուն կողմէ Լիբանանի սահմանները խախտելու եւ լիբանանեան հողերուն դէմ ոտնձգութիւն գործելու արարքը` աւելցնելով, որ անընդունելի է, որ լիբանանեան հողերուն վրայ սուրիական ուժերը ձերբակալումներ կատարեն:
Շարպել ընդգծեց, որ ընդհանուր ապահովութեան ուժերու անդամ երկու ոստիկաններուն ձերբակալման հարցը պէտք է քննարկուի կառավարութեան նիստին ընթացքին:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ սալաֆական շէյխ մը եւ ներքին ապահովութեան ուժերու մէկ սպան ուղղուած են Թուրքիա` քննարկելու համար Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացիներուն թղթածրարը, ինչպէս նաեւ բանակցելու` զանոնք ամէնէն արագ միջոցին Լիբանան վերադարձնել կարենալու համար:
Շարպել յայտնեց, որ ինք այդ իմաստով դրական մօտեցում ունի եւ կը հաւատայ, որ առեւանգուած լիբանանցիները յանկարծ պիտի ժամանեն Լիբանան:
Անդրադառնալով Սայտայի մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրի յայտարարած նստացոյցին եւ Սայտայի ճամբան փակելու արարքին Շարպել յոյս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ այդ հարցը լուծել:

