Մանսուր Ընդունեց Փլամպլին

Նախարար Մանսուր եւ Փլամպլի

Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին փոխանցուած տեղեկագիրը, որ կը վերաբերի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ բանաձեւը տառացիօրէն գործադրելու անհրաժեշտութեան:

Փլամպլի յայտնեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով գրեթէ ամէն ինչ դրական է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը հեռու պահել սուրիական իրադարձութիւններուն հաւանական ազդեցութենէն: Ան աւելցուց նաեւ, որ Քի Մուն ողջունած է լիբանանցի ղեկավարներուն կողմէ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականները ընդունելու նախաձեռնութիւնը, ինչպէս նաեւ դրական նկատած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը` Ազգային միասնականութեան նիստերը գումարելու առումով:

Պատասխանելով սուրիական ջոկատի մը կողմէ Լիբանանի դէմ կատարուած ոտնձգութեան մասին հարցումի մը` Փլամպլի ըսաւ, որ անհրաժեշտ է յարգել Լիբանանի սահմանները եւ երկրին գերիշխանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES