Նախարար Սապունճեան Աւստրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Փոխադարձ Յարաբերութիւնները Բարելաւելու Հեռանկարները
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ուրսուլա Ֆահրինկըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Աւստրիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Աւստրիոյ եւ այլ պետութիւններու շուկաները լիբանանեան արտադրութեանց դիմաց բանալու անհրաժեշտութիւնը:
Նախարար Սապունճեան ընդգծեց լիբանանեան արտադրութիւններուն վայելած միջազգային արժէքը, յատկապէս հագուստեղէնի, գոհարեղէնի, գինիի եւ սննդեղէնի ճարտարարուեստին առումով:
Հանդիպումէն ետք Աւստրիոյ դեսպանը շեշտեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու միացեալ համաձայնագիր մը կայ արդէն` աւելցնելով, որ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին երկրորդ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախարար Սապունճեանի հետ` շարունակելու համար այս հարցին քննարկումը:
Միւս կողմէ, նախարար Սապունճեան ընդունեց Նապաթիէի տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն յայտնեց, թէ ինք պատրաստ է ընդառաջելու այդ խորհուրդներուն հրաւէրին եւ այցելելու Նապաթիէ` ստուգելու համար շրջանի հաստատութիւններուն եւ գործարաններուն աշխատանքը:
Վ. Սապունճեան շեշտեց գիւղական շրջաններուն մէջ գործարաններ կառուցելու կարեւորութիւնը` նպաստելու համար շրջանի բարգաւաճման, տեղւոյն բնակչութեան համար աշխատանքի դաշտեր ապահովելու եւ լիբանանցին իր շրջանին մէջ պահելու առումով:


