Միքաթի Սուրիական Ուժերուն Արարքը Կը Նկատէ Լիբանանի Գերիշխանութեան Դէմ Ոտնձգութիւն
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:
Վարչապետ Միքաթի խստիւ դատապարտեց սուրիական ուժերուն կողմէ Լիբանանի սահմանները խախտելու եւ ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալելու արարքը` զայն նկատելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն, որ ամէն իմաստով մերժելի է:
Իր կարգին, Ֆապիւս դիտել տուաւ, որ Ֆրանսա կը հասկնայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքը: Ան մաղթեց, որ Լիբանան ապահովական կատարեալ կայունութիւն ունենայ:
Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆապիւսի` Լիբանանի կայունութեան իմաստով Ֆրանսայի ցուցաբերած զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ շեշտեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հետեւեցաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` նկատի ունենալով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնը: Ան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ղեկավարութենէն պահանջեց հետեւիլ այդ հարցին եւ լուծել զայն:
Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտին, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշը եւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որոնց հետ քննարկեց անոնց նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հովանաւորեց Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախկին եւ նոր նախագահին միջեւ կատարուած նախագահութեան յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը:
Յանձնախումբի նախկին նախագահ Ապտել Մեժիտ Քասիր Լիբանանեան-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահութիւնը յանձնեց Խալտուն Շերիֆին:
Վարչապետ Միքաթի դրուատեց Քասիրի ի գործ դրած տարիներու ջանքերը, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն մաղթեց Շերիֆի` անոր ստանձնած առաքելութեան մէջ:


