«Սուրիական Զինուորական Ջոկատի Մը Կողմէ Լիբանանի Սահմանին Խախտումը Մերժելի Արարք Է» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց սուրիական ջոկատի մը կողմէ լիբանանեան սահմանին խախտումը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու երկու անդամներու ձերբակալումն ու ապա անոնց ազատ արձակումը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ այդ արարքը կը շրջանցէ միջազգային օրէնքներն ու չափանիշերը, ինչպէս նաեւ կը խզէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան սկզբունքը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց այդ հարցին մասին հետաքննութիւն բանալու եւ պատասխանատուութիւնները ճշդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի նման միջադէպեր չկրկնուին, կարելի ըլլայ հսկել երկկողմանի յարաբերութիւններուն յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ պահել երկու երկիրներուն գերիշխանութեան նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը:

Նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն

հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական ամսուան վերաբերող մանրամասնութիւններն ու լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Սլէյմանին այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ եւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատեր:

 

Share this Article
CATEGORIES