Զրարիէի Մէջ Իսրայէլեան Ուժերը Պայթեցուցին Իրենց Զետեղած Գաղտնի Լսումի Սարքը
Իսրայէլեան օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի Զրարիէ գիւղին մէջ պայթեցուց Իսրայէլի իսկ զետեղած գաղտնի լսումի սարքը` իմանալէ ետք, որ Հըզպալլայի օգտագործած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ցանցին վրայ զետեղուած այդ սարքին մասին Դիմադրութիւնը տեղեակ է:
Լիբանանեան բանակի սակրաւորները իսկոյն ուղղուեցան դէպքին վայրը` ստուգելու համար սարքը:
Նշենք, որ իսրայէլեան օդուժը հրթիռով չէ որ պայթեցուցած է իսրայէլեան սարքը, այլ` հեռավարով:
Պէտք է աւելցնել, որ սարքը կը գտնուի Լիթանիի հիւսիսային կողմը, ուր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժեր չկան եւ իրաւունք չունին ըլլալու:
CATEGORIES Լիբանանեան

