Քարտիֆ Եւ Թիֆլիս` Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքի Հիւրընկալներ
Նախորդ շաբաթավերջին Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի 2014-ի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քարտիֆի «Միլենիում»-ի դաշտին վրայ, իսկ 2015-ինը` Թիֆլիսի Միխայիլ Մեսխի դաշտին վրայ:
Իւրաքանչիւր տարեշրջանի նախօրեակին, «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն տիրացողները իրարու դէմ կը կատարեն նոր տարեշրջանի բացման մրցումը: Անիկա 1998-էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ Մոնաքոյի «Լուիս Բ.» դաշտին վրայ:
Այս տարի անիկա թէեւ դարձեալ տեղի պիտի ունենայ Մոնաքոյի մէջ, սակայն յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենայ «Փրակայի մէջ գտնուող «Էտեն» դաշտին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

