ՖԻՏԷ-ի Յուլիս Ամսուան Դասաւորման Մէջ Լեւոն Արոնեան` 2-րդ Դիրքին Վրայ

Լեւոն Արոնեան

Յուլիս ամսուան համար ՖԻՏԷ-ի հրապարակած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 2816 կէտ, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 2-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը 2837 կէտով կը գրաւէ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն, մինչ լաւագոյն եռեակը 2799 կէտով կ՛ամբողջացնէ ռուս Վլատիմիր Քրամնիք:

2698 կէտով Սերկէյ Մովսիսեան կը գրաւէ 46-րդ դիրքը, Վլատիմիր Յակոբեան 2688 կէտով` 57-րդ դիրքը. Գաբրիէլ Սարգսեան 2685 կէտով` 62-րդ դիրքը, իսկ Տիգրան Պետրոսեան 2661 կէտով` 93-րդ դիրքը: Ֆրանսահայ Տիգրան Քարամեան կը գրաւէ 91-րդ դիրքը` 2663 կէտով:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց դասաւորման, Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան յաջորդաբար կը գրաւեն 23-րդ եւ 34-րդ դիրքերը` իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով 2480 եւ 2450 կէտ:

Նշենք, որ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի հունգարացի Ժիւտիթ Փոլքար (2709 կէտ): Հու Եիֆան (Չինաստան) եւ Աննա Մուզիչիք (Սլովենիա) յաջորդաբար կը գրաւեն 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը` իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով 2617 եւ 2606 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES