50 Տարի Առաջ ( 4 Յուլիս 1962 )
Հայկական Կեանք
Ազգային Արամեան Վարժարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Արամեան ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 27 յունիսին:
Հանդէսը կը հովանաւորէր լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Խորէն արք., որ չկարենալով ներկայ գտնուիլ` փոխանորդաբար ղրկած էր Տաթեւ վրդ. Սարգիսեանը. իսկ կը նախագահէր Յարութիւն Պէօյիւքեան:
Յայտագիրը գործադրուեցաւ կանոնաւորութեամբ: Մեծ յաջողութեամբ կատարուեցան երգերը, պարերը, փոքրիկ տրամախօսութիւնները` մանկապարտէզի թէ նախակրթարանի աշակերտութեան կողմէ: Լուրջ աշխատանք թափուած էր նիւթերու ընտրութեան մէջ: Ներկայ խուռն բազմութիւնը անդադրում ծափերով յայտնեց իր գնահատանքը:
Յայտագրին աւարտման 29 մանուկներ ստացան իրենց մանկապարտէզի վկայականները, իսկ նախակրթարանէն շրջանաւարտ եղան 4 մանչ եւ 2 աղջիկ աշակերտներ:
Տեղւոյն վրայ ինքնաբերաբար տեղի ունեցաւ հանգանակութիւն մը, ինչպէս սովորութիւն դարձած է ամէն տարի: Ծնողներ սիրայօժար մասնակցեցան հանգանակութեան, որմէ գոյացաւ մօտ 300 ոսկի:
Հանդէսին նախագահը` Յ. Պէօյիւքեան, այս առթիւ 350 լ. ոսկի նուիրեց Արամեան վարժարանին` արժանանալով հոգաբարձութեան թէ ներկաներու շնորհակալութեան եւ գնահատանքին:
Հանդէսը փակուեցաւ հայր Տաթեւի «Պահպանիչ»-ով եւ ժողովուրդը մեկնեցաւ շատ գոհ տպաւորութիւններով:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
ՀՄԸՄ–ի Քերմեսին
Փայլուն Յաջողութիւնը
Պէյրութահայութիւնը ձեռնարկներու եղանակի փակումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի տարեկան մեծ քերմեսով, որ այս անգամ եւս իր անթերի կազմակերպութեամբ եւ գեղարուեստական բաժինով արդարացուց ժողովուրդին ակնկալութիւնները:
Կիրակի կէսօրէ ետք, ժամը 5:00-էն սկսեալ, ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ եկաւ Ճեմարան, որուն դալարագեղ պարտէզներուն մէջ յարդարուած էին վիճակախաղի տաղաւարներ: Ժամը 5:00-9:00 այս վիճակախաղերը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին եւ բոլոր նուէրները սպառեցան: Ծնողներ, իրենց զաւակներու ձեռքէն բռնած, խանդավառուեցան անոնց ուրախութեամբ եւ մասնակից դարձան անոնց հաճոյքին:
Ժամը 9:00-ին սկսաւ քերմեսին պաշտօնական բաժինը` առաջնակարգ նուագախումբի մը պարի եղանակներով:
Քերմեսին յաջողագոյն երեւոյթը հանդիսացաւ Անի Տապայի աշակերտներուն կողմէ կատարուած պալէն, «Լա պել օ Պուա Տորման»: Ծաղկատի պարուհիներ հիացում պատճառեցին ներկաներուն` իրենց հեզաճկուն պարով:
Գրեթէ նոյն յաջողութեամբ կատարուեցաւ նաեւ ՀՄԸՄ գիրերը խորհրդանշող կենդանի պատկերը: Մինչ այս գիրերը կը լուսաւորէին գայլիկներ եւ արենուշներ բարեւի կեցան, իսկ վարագոյրին ետեւէն Գարմեն Պուտաքեան եւ Խաչիկ Արարատեան արտասանեցին Մ. Իշխանի «Շքերթ»-էն երկու տուն եւ Ե. Պոյաճեանի` ՀՄԸՄ-ին նուիրուած քերթուածը:
Քերմեսը ունեցաւ նաեւ իր վիճակահանութիւնը, որ նիւթական բացառիկ հասոյթ մը ապահովեց միութեան: Ճոխ էր նաեւ այս տարուան յայտագիրը, որ նոյնքան հասութաբեր եղաւ:
Պարերը տեւեցին մինչեւ ուշ գիշեր` խանդավառ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ:
Հայերու Պատկանող 2 Միլիոննոց Գանձ Մը
Կը Փնտռուի Էրզրումի Մէջ
Էրզրումէն 11 յունիս թուականով կը հեռագրեն Պոլսոյ թերթերուն.
Յայտնի եղած է, որ Իսփիր գաւառակի Սարըքոնաք գիւղին մէջ կը գտնուի գանձ մը, որ կը պատկանի Ա. Աշխարհամարտէն առաջ այնտեղ բնակող հայերու:
Մուրատ եւ Հալիթ անուն 2 անձեր Զմիւռնիայէն քաղաքս գալով` յայտնեցին, թէ այդ գիւղին մէջ գանձ կայ, եւ թէ` պեղումի արտօնութիւն ստանալու համար շահագրգռուողներուն դիմած են: Գանձ փնտռողներուն մաս կը կազմեն յիշեալ գիւղէն երկու անձեր, որոնք սկսած են պեղումի` լուսանկարելով Քիվիթ-Չիճի այգին եւ Թաշպաշը թաղը, ուր կը գտնուի գանձը:
Շահագրգռուողներուն համաձայն, 2 միլիոն ոսկի արժողութեամբ դրամ եւ իրեղէն կը գտնուի այդտեղ:

