«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Տառապանքի Անզուգական Գուսանին` Աւետիս Ահարոնեանի Ուղեղային Կաթուածը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ վիշտի մեծ երգիչ, հայ գրականութեան «Թուխ Արամազդը»` Աւետիս Ահարոնեան իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ հայութեան տառապանքով, իր հատու գրիչով պատմեց այդ տառապանքը, արծարծեց յեղափոխութեան հուրը եւ կառչած մնաց համամարդկային վեհ սկզբունքներուն:
Ահարոնեան ծնած է 1866-ին, Իգդիր գաւառի Իգտիրմաւա գիւղին մէջ: Ութ տարեկանին յաճախեց Իգդիրի Գիւլազիզ խալիֆային գոմ-դպրոցը: Այնուհետեւ փոխադրուեցաւ Իգդիրմաւայի նոր դպրոցը, իբրեւ ուսուցիչ ունենալով Նշան վարժապետը: 1876-ին սկսաւ յաճախել Իգդիրի ծխական դպրոցը, իբրեւ տեսուչ ունենալով Դաւիթ Քալանթարեանը: Ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմին ընտանիքին հետ ապրեցաւ գաղթի ու կոտորածի սարսափն ու մղձաւանջը: 1881-ին մտաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, զոր աւարտեց 1886-ին: Այնուհետեւ մինչեւ 1896 պաշտօնավարեց Գէորգեան ճեմարանին, Նոր Պայազիտի եւ Իգդիրի ազգային վարժարաններուն մէջ: 1898-ին մեկնեցաւ Եւրոպա եւ հետեւեցաւ Լոզանի ու Փարիզի համալսարաններու գրականութեան, իմաստասիրութեան եւ պատմութեան դասընթացքներուն: 1903-ին վերադարձաւ Կովկաս եւ Թիֆլիսի մէջ բնակութիւն հաստատելով ստանձնեց «Մուրճ» ամսագիրին խմբագրութիւնը: 1907-ին ստանձնեց Ներսիսեան վարժարանի տեսչութեան պաշտօնը:
Կովկասահայ հոյլ մը մտաւորականներու հետ 1909-ին ձերբակալուեցաւ եւ յաջորդաբար մնաց Մետեխի, Պաքուի, Ռոստովի եւ Նովոչերկասկի բանտերը: 1911-ին երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցաւ եւ անցաւ Եւրոպա:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն, 1916-ին վերադարձաւ Կովկաս եւ 1917-ին Թիֆլիսի մէջ կազմուած հայոց Ազգային խորհուրդին նախագահը եղաւ, իսկ 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահը եղաւ: 10 օգոստոս 1910-ին ան ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը:
Հայաստանի Հանրապետութեան փլուզումէն ետք Ահարոնեան մնաց Ֆրանսա: 1934 փետրուար 11-ին, Մարսէյի մէջ, հայ մշակոյթին նուիրուած բանախօսութեան մը ընթացքին կաթուածահար ինկաւ, առանց կարենալ աւարտելու իր հոյակապ ճառը:
Ահարոնեանի անունը միշտ կապուած մնաց հայ ժողովուրդի ամէնէն տառապալի, ճակատագրական եւ վշտալի մէկ շրջանին: Անոր գրական վաստակը, ինչպէս իր կեանքը, որ շարայարում մըն է թշուառութեան, գաղթականութեան, հալածանքներու, ինչպէս նաեւ անարդարութեանց դէմ ընդվզումի եւ պոռթկումներու, վեր կ՛առնէ հայուն յոյզերն ու ապրումները, նուիրական աւանդ մը փոխարինելով ապագայ սերունդներուն:
* * *
«Ազդակ» օրին մանրամասնօրէն եւ յաջորդական թիւերով լայնօրէն կ՛անդրադառնայ Ահարոնեանի կաթուածին: 16 փետրուար 1934ի թիւով կը գրէ.
Հայ Տառապանքի Անզուգական Երգիչ Եւ Մեծանուն
Գրագէտ Աւետիս Ահարոնեան Ուղեղի Կաթուած Ունեցած
«Ազդակ»-ի ցաւակցական հեռագիրը
Երէկ, չորեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մարսէյէն խմբագրութեանս ղրկուած մասնաւոր հեռագիր մը կը գուժէր հետեւեալ ցաւալի կաթուածը.-
«Բանախօսութեան ընթացքին Ահարոնեան ուղեղի կաթուած ունեցաւ. վիճակը ծանր է. ամենայայտնի մասնագէտ բժիշկներու խորհրդակցութիւնը կը յուսայ փրկել մեծանուն գրագէտին կեանքը»:
Այս տխուր լուրը հասնելուն պէս, խմբագրութիւնս հեռագրեց հետեւեալը.
«Խոր յուզումով իմացանք Ահարոնեանի կաթուածին լուրը. կը մաղթենք արագ ապաքինում. վիճակը հեռագրեցէք»:
Քանի մը օր ետք, 20 փետրուարի թիւով «Ազդակ» կը գրէր.
Անզուգական գրագէտ եւ մեծ հայրենասէր
Աւետիս Ահարոնեանի Առողջական Վիճակը
Գիտակցութիւնը Գոհացուցիչ Կը Դառնայ
Ընդհանուր Վիճակը Մեծապէս Յուսալի
13 փետրուարին, Մարսէյէն հետեւեալ հաղորդագրութիւնը ղրկուած է մեզ հայ տառապանքի անզուգական երգիչ Ա. Ահարոնեանի առողջական վիճակին մասին.-
Փետրուար 11-ին, կէսօրէ վերջ «Brébant Marseillais»-ի սրահին մէջ, 2000-ի չափ կարգապահ բազմութեան մը առջեւ, Ա. Ահարոնեանը «Հայ մշակոյթ»-ի մասին խօսած ատեն, գլուխէն congéstion մը ունեցաւ, ներկայ բազմութիւնը արցունքի եւ կսկիծի մէջ ձգելով:
Անմիջապէս փոխադրուեցաւ քլինիք: Բժշկական ամենալուրջ խնամքներ տարուեցան prof. Digne-ի հսկողութեան տակ, երկու բժիշկներով եւ երեք օգնական բժիշկներով եղած consultation-ի արդիւնքը հետեւեալն է` (փետրուար 11-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին).
1. Գլուխի ձախ կողմէն congéstion: 2. Մարմնոյ աջ կողմէն attaque: 3. Լեզուն բռնուած: 4. Ջերմութիւնը 38,2: Կացութիւնը չափազանց լուրջ եւ մտահոգ:
12 փետրուար` առաւօտեան ժամը 9:00-ին` 1. Ջերմութեան նուազում: 2. Դէմքի գոյնը լաւ: 3. Գլուխին անմիջական վտանգ չի տեսնուիր: Հաւանական կը գտնեն cicatrization: 4. կը վախցուի urémie է: 12 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-6:00:
1. Գիտակցութիւնը աստիճանաբար գոհացուցիչ կը դառնայ:
2. Urine քննութիւնը néant: 3. Աջ կողմը պզտիկ չափով կը զգայ: Ջերմութիւնը 37,2: 5. Tension 15:
Առ այժմ այսքան»:
***
Իսկ 14 մարտի թիւով եւ «Տառապանքի գուսանը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
Ամիս մը առաջ, Մարսէյի մէջ, Համազգային ընկերութեան կողմէ կազմակերպուած հանդէսի մը միջոցին, հայ տառապանքի անզուգական գուսանը` մեծ հայրենասէր Աւետիս Ահարոնեան, երբ իր պաշտած ժողովուրդի մշակոյթին մասին կը խօսէր, հայոց աշխարհի Արարատեան սրբազան դաշտի եւ հայ ստեղծագործութեան նկարագրութիւնը չ՛աւարտած, կիսամեռ գետին ինկաւ, լաց ու արցունք պատճառելով ներկայ 2000-ի մօտ հասարակութեան:
Քանի մը տարիներ առաջ, ճիշդ նման հաւաքոյթի մը միջոցին, երբ տաղանդաւոր հայը կը յիշէր մեր հայրենի լեռներն ու սրբագործուած աւանդութիւնները, ուղեղային կաթուած ստացաւ եւ ենթարկուեցաւ երկարատեւ դարմանումներու: Ապաքինումէն վերջ, երբ աչքերը վերստացան իրենց լոյսը, հակառակ բժիշկներու թելադրութեանց եւ հրահանգներուն, Ահարոնեան վերստին ձեռք առաւ իր գրիչը եւ շարունակեց իր դաստիարակչական նուիրական գործը` սերունդները առաջնորդելով դէպի գաղափարական բարձրութեանց:
Մէկ կողմէ դէպի իր հայրենիքն ու ժողովուրդը ունեցած սէրն ու պաշտամունքը, միւս կողմէ իր նիւթական պայմանները պարտադրեցին մեծանուն գրագէտը յարատեւ նուիրումի եւ աշխատանքի: Եւ չարաղէտ վայրկեան մը, Մարսէյի մէջ, անակնկալօրէն կապուեցաւ լեզուն մեր երգիչին, մթագնեցան աչքերը եւ գետին փռուեցաւ հայ գրականութեան տիտանը: Ամիս մըն է անցած ահա այդ չարաշուք օրէն ասդին, սակայն գիտակցութիւնը չէ վերագտած ան եւ կ՛անցընէ տագնապալի ժամեր, առանց երգի ու խօսքի: Տառապանքի երգիչը, որ երկար տարիներ այնքան զգայնօրէն ու սրտագին պատկերացուց հայոց ժողովուրդի անլուր չարչարանքներն ու խաչելութիւնը, այժմ կը չարչարուի անողոք ճակատագրի պատճառած բուռն ցաւով ու կսկիծով:
Եւ անոր անկողնին շուրջ ծնկաչոք բազմաթիւ սիրելիներ ու բարեկամներ անզօրութեան սարսուռով օրն ի բուն կ՛աղերսեն եւ իրենց շունչէն կ՛ուզեն շունչ եւ իրենց արիւնէն կ՛ուզեն արիւն տալ աղէտահար Գուսանին: Աշխարհի բոլոր ծագերէն, ուր հաստատուած են հայկական գաղութներ, ցաւի ու յուզումի հեռագիրներ կը հասնին եւ մաղթանքներ կը տեղան: Ամենայայտնի ֆրանսացի գիտնական բժիշկներ ու մասնագէտներ գիտութեան բոլոր ուժը ի գործ կը դնեն` փրկելու համար թանկագին կեանքը հայ ժողովուրդի սիրելի զաւկին:
Դժբա՜խտ ճակատագիր: Հայ ժողովուրդը չէ կրցած վարձատրել իր գրչի վաստակաւորները: Ոչ հիմնական ֆոնտեր ունինք եւ ոչ ալ համազգային միութիւններ մեր գրագէտներուն ու ազգային գործիչներուն կեանքն ու հանգիստը ապահովելու համար: Հազուագիւտ բացառութիւններով մեր գրչի վաստակաւորներուն բոլորն ալ իրենց վերջին օրերը անցուցած են խոր թշուառութեան եւ կարօտութեան մէջ: Րաֆֆին անգամ, որ գրադարան մը լեցնելու չափ հատորներ է պարգեւած հայ գրականութեան, խոր թշուառութեան մէջ անցուց իր վերջին օրերը: Արծրունին, որ հսկայ հարստութիւն մը զոհեց հայ գրին ու գրչին, առանց կոպեկ մը գրպանը գերեզման իջաւ: Միեւնոյն ճակատագրի արժանացան Տեմիրճիպաշեան, Դուրեան, Արփիարեան, Օտեան եւ բազմաթիւներ: Տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կը գտնուին նաեւ մեր այսօրուան գրագէտներն ու գործիչները:
Ինչպէս յստակօրէն կը տեսնուի Խնամատար մարմնի զեկոյցէն, տնտեսական գոհացուցիչ պայմաններու մէջ չի գտնուիր համայն հայութեան պատկանող Մեծ Հիւանդի դարմանման գործը, տրուած ըլլալով որ երկարատեւ խնամքի եւ լուրջ հոգածութեան կարօտ է անոր ապաքինումը: Խնամատար մարմինը, իր կարելին տրամադրած է թեթեւցնելու համար հայ անզուգական գրագէտին տառապանքները, որուն ամբողջ կեանքը համակ ցաւ ու վիշտ է եղած: Սակայն, որքան ալ հոգածու ըլլան եւ հարկ եղած բոլոր զոհողութեանց պատրաստակամ գտնուին Մարսէյի ու Ֆրանսայի հայութիւնը, ինչպէս նաեւ Խնամատար մարմինը, իւրաքանչիւր հայու նուիրական պարտականութիւնն է ՆԻՒԹԱՊԷՍ օժանդակել ցաւի ու տառապանքի աննման երգիչին ապաքինումի գործին: Գոնէ իր քնածութեան օրերուն` թող հանգչին յոգնաբեկ ոսկորները մեծ հայուն` տաքուկ անկողնի եւ փափուկ ու խնամող ձեռքերու մէջ:
Ահարոնեան իր ամբողջ կեանքը տուաւ իր պատկանած ազգին ու հայրենիքին, կէս դար շարունակ երգեց հայ ժողովուրդի տառապանքը, տառապեցաւ ու չարչարուեցաւ իր ժողովուրդին հետ, անոր ազատագրութեան դատին զոհաբերեց իր գրիչն ու միտքը եւ ստացաւ այս վերջին ծանր հարուածը պարտականութեան ճամբուն վրայ, հայ մշակոյթի սիրոյն: Ահարոնեան, Րաֆֆիէն վերջ, ամենամեծ հայ գրագէտն է, որ գիտցած է սերունդներու պաշտամունքին արժանանալ եւ հայրենասիրութեան կայծը սերմանել անոնց հոգիներուն մէջ անմեռ կերպով: Անոր հանճարեղ գրչին տակ այնքան սքանչելիօրէն պատկերացուած են Մասիսներն ու Արագածը, որոնք համայն հայութեան պաշտամունքին առարկայ հանդիսացած են:
Հայրենակիցներ, Հայաստանի այս մեծ զաւկին վերջին տագնապի օրերը մեղմացնելու համար պէտք է թեթեւցնենք կազմուած խնամատար մարմնի բեռը, բերելով մեր մասնակցութիւնը` բարոյապէս թէ նիւթապէս:
Մասնաւորելով մեր խօսքը հովանաւոր երկիրներու մէջ գտնուող հայերուն, որոնք անխտիր անցած են հայկական տառապանքի բոլոր գողգոթաներէն` որոնց հարազատ ու յուզիչ ներկայացնողը այսօր կը լսէ ունկնդրելով իր մարմնին տառապանքը` մենք վստահ ենք որ անոնք գերբնական միջոցներով պիտի ձգտին անգամ մը եւս լեզու հանելու տառապանքի գուսանը:
Եւ դուք` Ապրիլեան սերունդ, դուք որ ձեր ծնողներուն խողխողումը ճանչցաք Ահարոնեանի գիրէն ու խօսքէն, ցոյց տուէք ձեր նիւթական ու բարոյական համակրանքով, որ կարօտն ունիք անոր մարգարէաշունչ պատգամներուն եւ հաւատքին` դէպի մեր ժողովուրդին անկախութիւնը»:
***
Ահարոնեան տասնչորս տարի ապրեցաւ ուշակորոյս եւ իր աչքերը փակեց 1948 ապրիլին:





