Հայրենի Կեանք
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Ընդունած Է Համաշխարհային Դրամատան
Փորձագէտներու Խումբը
28 յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունած է Համաշխարհային դրամատան փորձագէտներու խումբը:
Հանդիպման ներկայ գտնուած են Համաշխարհային դրամատան Ափրիկէի նիւթական եւ սեփական հատուածի զարգացման հարցերով տնտեսագէտ Սմիթա Քուրիաքոս, Համաշխարհային դրամատան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանի նիւթական եւ սեփական հատուածի հարցերով պատասխանատու Քրիսթինա Տիփմըն եւ Միացեալ Նահանգներու Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքի փրոֆեսէօր Նիքոլաս Ուոնըրթաս:
Նշենք, որ փորձագիտական խումբի այցելութեան նպատակն էր հետազօտութիւն կատարել Հայաստանի մէջ ձեռնարկատիրութեան զարգացման, մասնաւորաբար այդ ոլորտին մէջ սփիւռքի ներգրաւուածութեան եւ դերակատարութեան պայմաններն ու կացութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին Հ. Յակոբեան ներկայացուց այս բնագաւառին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները եւ աշխատանքները, որոնց կարգին` մասնագիտական համաժողովներու կազմակերպումը, համահայկական առեւտրային պալատներու ցանցի ստեղծումը: Նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ գործող 4500 միջին առեւտուրներուն մէջ սփիւռքը ունի 80 առհարիւրի ներգրաւուածութիւն:
Նախարարը յայտնած է, որ սփիւռքահայերուն մասնակցութիւնը ձեռնարկատիրութեան մէջ կրնայ մեծապէս աւելնալ ճիշդ քարոզչութեան պարագային: Հ. Յակոբեան ընդգծած եւ կարեւոր համարած է միջազգային կառոյցներուն աջակցութիւնը սփիւռքի կարիքներուն արժեւորման եւ պետութեան կողմէ այդ կարիքները բաւարարող ծրագիրներու մշակման, ինչպէս նաեւ` սփիւռքի կողմէ տարբեր ոլորտներու մէջ Հայաստանի մէջ իրականացուող գործարարութեան մասին տեղեկատուութեան տարածման իմաստով:
Երեւանի Եւ Մարզերուն Նուիրուած
Նոր Մետաղադրամներ
Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատունը 25 յունիսին շրջանառութեան մէջ դրած է 11 տարբեր տեսակի 50 դրամ արժողութեամբ, Հայաստանի եւ 10 մարզերուն նուիրուած մետաղադրամներ: Մետաղադրամին մէկ կողմը պատկերուած է իւրաքանչիւր մարզ խորհրդանշող, պատմական խորք ունեցող կառոյց մը` հեղինակութեամբ Էդուարդ Կուրղինեանի, իսկ միւս կողմը` մետաղադրամին արժէքը` «50 դրամ», որ զարդանախշերով շրջագծուած է, անոր տակը դրուած է դրամի հրապարակման տարին` հեղինակութեամբ Կարապետ Աբրահամեանի: Մետաղադրամներուն վրայ կան հետեւեալ պատկերները` Տաւուշի բերդը` Տաւուշի մարզ, Գառնիի տա ճարը` Կոտայքի մարզ, Սեւանի թերակղզին` Գեղարքունիքի մարզ, Հաղբատի եկեղեցական համալիրը` Լոռիի մարզ, ֆայտոնը` Շիրակի մարզ, Սիւնիքի դարպասները` Սիւնիքի մարզ, Խոր Վիրապը` Արարատի խորապատկերով` Արարատի մարզ, քարայծը` Վայոց ձորի մարզ, Բիւրականի աստղադիտարանը` Արագածոտնի մարզ, Սարդարապատը` Արմաւիրի մարզ եւ Սասունցի Դաւիթի արձանը` Երեւան մայրաքաղաք:
Այս մետաղադրամները Կեդրոնական դրամատան հաստատումով ունին օրինական դրամական արժէք. շուկայի վրայ կը շարունակեն օրինական նկատուիլ նաեւ հին 50 դրամ արժող մետաղադրամները, որոնք հրապարակուած էին 2003-ին:
Թումանեանի Բնակարանին Բանալին
Յանձնուեցաւ Վիրահայոց Թեմին
Արդէն լուծուած է Յովհաննէս Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանին հարցը, որ փետրուարին Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նուիրատուութեան շնորհիւ կարելի եղաւ գնել վրացի սեփականատիրոջմէն եւ յանձնել Գրողներու համահայկական հիմնադրամին:
Կառավարութեան յանձնարարութեամբ այդ հարցով կը զբաղէր Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, որ 27 յունիսին լրագրողներուն ներկայութեան մեծ բանաստեղծին թիֆլիսեան բնակարանի բանալին յանձնեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանին:
«Բոլոր դժուար բանակցութիւններուն ընթացքին մեզի սատարած են թէ՛ վիրահայոց թեմը` յանձին սրբազանի, թէ՛ մեր դեսպանատունը Թիֆլիսի մէջ` յանձին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մանուկեանի, եւ ես այսօր հրապարակաւ կ՛ուզեմ Թումանեանի տան բանալիները յանձնել հասցէատիրոջը», ըսաւ Լ. Անանեան` առաջնորդ Միրզախանեանին յանձնելով բանալիները:
«Ասիկա մեզի համար ե՛ւ պատիւ է, ե՛ւ պատասխանատուութիւն: Արդէն իսկ ծրագրած ենք քանի մը աշխատանքներ իրականացնել», յայտարարած է Վազգէն եպս. Միրզախանեան:
Բնակարանը պիտի վերանորոգուի կրկին Վարդան Ղուկասեանի նիւթական յատկացումով: Սակայն նաեւ պիտի գնուի բնակարանին այն հատուածը, ուր այժմ կը բնակի մեծ բանաստեղծին ծոռը` Ալինա Քոլեսնիկովան, որպէսզի ան նոր բնակարան գնէ եւ հոն տեղափոխուի:
Միրզախանեան նշեց, որ այժմ այդ հարցով բանակցութիւններ կը կատարուին բարերարներուն հետ: Թումանեանի թիֆլիսեան բնակարանը պիտի ըլլայ անոր անունը կրող մշակութային օճախ մը, ուր պիտի հաստատուին` Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութիւնը, Հայ մտաւորականներու միութիւնը, Հայ նկարիչներու միութիւնը եւ 1 յուլիսին հիմնադրուելիք հայ երաժիշտներու միութիւնը:
«Արուեստի միութիւնները կը գործեն Յովհաննէս Թումանեանի տան մէջ, որովհետեւ ցարդ չունին իրենց գրասենեակները», աւելցուցած է Վազգէն սրբազանը:
Յ. Թումանեանի բնակարանին ձեռքբերումը կարելի դարձաւ նախորդ տարի` Վրաստանի մէջ կատարուած օրէնսդրական փոփոխութեան շնորհիւ, որով կրօնական համայնքներուն թոյլատրուեցաւ դառնալ հանրային կալուածի իրաւատէր:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդը փոխանցեց, որ ներկայ դրութեամբ Վրաստանի մէջ կը գործեն 41 հայկական եկեղեցիներ: Կան նաեւ շուրջ 300 չգործող եկեղեցիներ. «Կառավարութեան պիտի դիմենք, որ այդ եկեղեցիները` գործող, չգործող, վրացականացուած, այդ ամբողջը մենք պիտի պահանջենք Վրաստանի իշխանութիւններէն, որ վերադարձնեն վիրահայոց թեմին», նշած է առաջնորդը:
Ուրարտացիները Եղած Են Ճաշակաւոր
Եւ Ապրած Են Շքեղ Կեանք
Էրեբունի ամրոցի միջնաբերդին մէջ պեղումներ կատարող հայ-ֆրանսական արշաւախումբը, աւարտելով աշխատանքներու ամառնային շրջանը, ամփոփած է ցարդ իր յայտնաբերած տեղեկութիւնները:
Արգելոց-թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեան ներկայացուցած է Էրեբունիի մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան նախորդ տարիներուն փորձառութիւնը եւ այս պեղումներուն նպատակը: Բարձր գնահատելով 1950-1960 թուականներուն հնավայրին մէջ գործող հնագիտական արշաւախումբերուն ձեռք ձգած արդիւնքները, մասնաւորապէս` ճարտարապետ Կոստանդին Յովհաննիսեանի վաստակը եւ ջանքերը, որոնք առիթ տուած են Երեւանը ներկայացնելու աշխարհի հնագոյն մայրաքաղաքներու շարքին, Գիւրջեան նշած է, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին կատարուած հնագիտական հետազօտութիւնները որոշակի շտապողականութեամբ տեղի ունեցած են եւ ամրոցին ճարտարապետութեան վերաբերող մեծ թիւով հարցումներ տակաւին նոր պատասխաններ կը ստանան: 5 յունիս 2012-ին սկսած հայ-ֆրանսական հնագիտական պեղումներուն պատկերը մանրամասնօրէն ներկայացուցած է ֆրանսական արշաւախումբի ղեկավար Սթեֆան Տեշամփը, իսկ յայտնաբերուած խեցեղէնի վերլուծութիւնը` արշաւախումբի անդամ Ֆրանսուա Ֆիշէ տը Քլերֆոնթենը: Մասնագէտները շեշտը դրած են այն երեւոյթին վրայ, որ այս տարուան պեղումները պիտի օգնեն լուսաբանելու Ուրարտուի կործանումէն մինչեւ աքեմենեան տիրապետութիւն երկարող ժամանակաշրջանը, այսինքն` մօտաւորապէս մէկ դարու դէպքերը, որոնք կարելիութիւն պիտի տան Հայաստանի պատմութեան այս էջը գրելու: Անոնք հաստատած են, որ Իրանի տարածքին մէջ պահպանուած աքեմենեան մեծ թիւով յուշարձաններու հետ Էրեբունիի պեղումներէն յայտնաբերուածներուն գիտական բաղդատութիւնները առիթ կու տան ենթադրելու, որ Ուրարտուի կործանումէն ետք կեանքը շարունակուած է ամրոցին մէջ:
Արգելոց-թանգարանի տնօրէնի տեղակալ, պեղումներու հայկական կողմի ղեկավար Արաքսի Միչինեան կարեւոր նկատած է յայտնաբերուած նիւթերուն մշակման եւ սահմանուած կարգով արգելոց-թանգարանին յանձնման գործընթացը, նշելով, որ ներկայիս արդէն թանգարանին տրամադրութեան տակ կը դրուին նախորդ տարիներուն Էրեբունի ամրոցին մէջ պեղումներ կատարած հայ-ամերիկեան արշաւախումբին յայտնաբերածները: Ֆրանսացի հնագէտ Սթեֆան Տեշամփ կատակով յայտնած է նաեւ, որ` «դատելով ամրոցէն յայտնաբերուած խեցեղէնի տեսքէն եւ որակէն, կարելի է ըսել, որ ուրարտացիները ապրած են շքեղ կեանք մը, եղած են ճաշակաւոր եւ սիրած են գինի կամ գարեջուր խմել»:
«Վիվասել–Էմ.Թի.Էս.»-ը Խրախուսած Է
Նախապէս Կազմակերպուած
Շարադրութեան Մրցումին Շահողները
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-էն տեղեկացուցին, որ արդէն իսկ յայտարարուած են անունները նախապէս կազմակերպուած շարադրութեան մրցումին երեք մրցանակակիրները, որոնք արժանացած են «Էյճ. Թի. Սի.» համակարգիչի, «Պլաքպըրի 9700» եւ «Կալաքսի նեքզըս Էս.» սմարթֆոներու: Խրախուսական պարգեւներ ստացած են նաեւ տարբեր համալսարաններ ներկայացնող 8 ուսանողներ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ամփոփած է մայիսին յայտարարած մրցոյթին արդիւնքները: Շարադրութիւններու միջոցով տեղեկատուական դարաշրջանի դերը գնահատելու համար նախապէս յայտարարուած էին մշակուած նիւթեր` «Ո՞րն է համացանցի դերը հասարակութեան կեանքին մէջ», «Ինչպիսի՞ն կրնայ ըլլալ բջիջային համացանցի ազդեցութիւնը կրթութեան ոլորտին եւ առօրեայ կեանքին մէջ», «Ո՞րն է անոր զարգացման յաջորդ հանգրուանը», «Արդեօք ընկերային մետիան կրնա՞յ փոխել կեանքը»: Ներկայացուած նիւթերուն շրջանակներուն մէջ մրցոյթին մասնակցելու կարելիութիւն ընծայուած էր բոլոր անոնց, որոնք հաւատարիմ մնացած են նախապէս յայտարարուած կանոններուն:
Հաղորդենք, որ Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութեան կայքին յղուած բոլոր աշխատանքները գնահատուած են անանուն ստուգման սկզբունքով: Առանձնայատուկ, կարեւոր համարուած է հետազօտութիւններուն ընթացքին առցանց տեղեկատուական աղբիւրներու կիրարկումը:
«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ` «Յաջողութեան հասնելու առաջին քայլը կը համարուի ձգտման պատրաստակամութիւնը: Նաեւ կարեւոր է տեղեկացուած ըլլալու պայմանը, որ կարելի է օժտուիլ համացանցի եւ թուային ապագայ ենթադրող արհեստագիտութիւններու ճամբով: Անոնցմէ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտուելու կարելիութիւնը կը մնայ ձեզի. ուստի, փորձեցէ՛ք կիրարկել համակարգուած մօտեցում եւ գնահատել առկայ միջավայրը: Նորարար արհեստագիտութիւնները կ՛օգնեն ժամանակի կորուստի կրճատման եւ առիթ կը հանդիսանան առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ մասնագիտանալու»:
Տեղեկացնենք, որ շարադրութեան մրցումին գլխաւոր մրցանակի արժանացած ուսանողներէն մէկը` Էլէոնորա Մկրտչեան, Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանի ուսանողուհի է, իսկ միւս երկուքը` Արման Սերեդան եւ Եկատերինա Մարտիրոսեան, Մոսկուայի Տնտեսագիտութեան, վիճակագրութեան եւ տեղեկատուութեան համալսարանի երեւանեան մասնաճիւղի ուսանողներ են: Անոնց համապատասխանաբար տրուած է «Էյճ. Թի. Սի.» համակարգիչ, «Պլաքպըրի 9700» եւ «Կալաքսի նեքզըս Էս.» սմարթֆոներ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

