Թուրք Գիտնականները Հայկական Եւ Ասորական Պատմական 350 Կոթողի Մնացորդ Գտած Են

Սասունի (Պաթման) համալսարանի աշխատանքային խումբը Թուրքիոյ հինգ շրջաններու մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ գտած է` աւերուած 350 եկեղեցիներ, մենաստան, ամրոց, աղբիւր եւ պատմական այլ շինութիւններու մնացորդներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Սոնտաքիքա» կայքը, գտածոներուն մեծ մասը կը պատկանի հայերուն եւ ասորիներուն. շրջակայ գիւղերու բնակիչները այդ պատմական քարերը օգտագործած են կառուցելու համար իրենց գիւղերուն տուներն ու գոմերը:

Ուսումնասիրութիւնը իրականացուցած է Սասունի համալսարանի տոքթոր Մեհմեթ Էմին Շեն` հինգ հոգինոց աշխատանքային խումբի մը հետ: Երկու հնագէտներու, երկու պատմաբաններու եւ լուսանկարիչի մը կողմէ իրականացուած այս աշխատանքները տեւած են շուրջ վեց ամիս:

Սասունի շրջանի Գուրգէնլի գիւղի Թաշփընարի ամրոցի աւերակներէն վերցուած խաչքարին օգտագործումը` յարակից տուներէն մէկուն շինութեան մէջ, ապշեցուցած է խումբին անդամները:

Հետազօտողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է նաեւ նոյն գիւղի ախոռներէն մէկուն պատը կառուցելու համար օգտագործուած հայերէն տառեր պարունակող քարերը:

«Առաջին անգամն է, որ նման ուսումնասիրութիւն կ՛իրականացուի եւ անիկա լոյս կը սփռէ Սասունի նահանգին մէջ թաքնուած պատմութեան վրայ», ըսած է Էմին Շեն:

Սասունի հայերու միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը կարեւոր համարած է իրականացուած ուսումնասիրութիւնները: «Հայերը եւ ասորիները պատմական կարեւոր կոթողներ ունեցած են այս տարածքներուն մէջ: Անոնց մնացորդացին յայտնութիւնը` գիւղերու տուներու եւ ախոռներու պատերուն վրայ, ցոյց կու տայ, թէ մենք որքա՛ն կ՛արժեւորենք պատմութիւնը: Նման աշխատանքներու շնորհիւ հնարաւոր է նաեւ զարգացնել զբօսաշրջութիւնը Սասունի մէջ: Այս աշխատանքներուն շնորհիւ` հնարաւոր է փակել նաեւ այս տարածքներուն մէջ գանձեր որոնողներու ճանապարհը», ըսած է Տաղճը:

Share this Article
CATEGORIES