Արձագանգ. Խնդիրներուն Արդի Յղացքը Եւ Համաերիտասարդական Միջավայրը
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինի հրապարակած յայտարարութիւնը առիթ կու տայ քանի մը մտածումի, զորս լուսարձակի տակ պէտք է առնել:
Նախ անշուշտ, 100-ամեակի երիտասարդականը կը յիշեցնէ, որ ապրիլ 24-է ապրիլ 24 ոգեկոչական յանձնախումբի գործառոյթները չէ, որ կ՛իրականացնէ: Մինչեւ 100-ամեակ հետեւողական` երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ ծրագիրներու առկայութիւնը կը նախանշէ, որ համագաղութային մակարդակով կուսակցութիւններուն, յարանուանութիւններուն եւ միութիւններուն երիտասարդ ներկայացուցիչները յաճախակի հանդիպումներով, ժողովներով հաստատակամ կ՛ընթանան դէպի 100-ամեակ: Այս նոր միջավայրի տակաւ ձեւաւորումն է, որ միջմիութենական յաճախակի հանդիպումներով յատկանշուած երիտասարդական առողջ մթնոլորտի եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի երաշխիքներուն նախադրեալները կը փոխանցէ:
Այս յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ մեր երիտասարդական-ուսանողական միութիւնները համատեղ հանդիպումով նախ պիտի լսեն շահեկան զեկուցում մը Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերու ծալքերուն մասին եւ մանաւանդ անոնց ճշգրիտ, առարկայական լուսաբանումին անհրաժեշտութիւնը ոչ միայն ազգային, այլ նաեւ օտար հանրային կարծիքին ուղղուած:
Թեման կը ներառուի 100-ամեակի երիտասարդականի աշխատանքներուն, պարզ այն պատճառով, որ համիտեան, երիտթուրքերու, քեմալական Թուրքիոյ կազմակերպած ցեղասպանական քաղաքականութեան կը կապուին նաեւ ազրպէյճանական եղեռնագործութիւնները, որոնք գործադրուեցան հայ ժողովուրդին նկատմամբ: Մանաւանդ որ այս բոլորին ապալուսաբանումը` ղեկավարուած Անգարա-Պաքու միացեալ քարոզչամեքենային կողմէ, շահած է որոշ ենթահող: Այս բոլորը մշուշապատուած են Խոջալուով եւ «ազրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւումով»:
Հայ յարանուանութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու երիտասարդական միաւորներու ներկայացուցիչները միասնաբար պիտի քննարկեն այս կարեւոր խնդիրները: Քննարկումի թէ՛ ձեւաչափը եւ թէ՛ բովանդակութիւնը մեր երիտասարդութեան կը յուշէ նման համահայկական տարողութիւն պարփակող հիմնահարցերու պարագային միասին աշխատելու հրամայականը: Միայն Ցեղասպանութիւնը, արցախեան հիմնահարցը կամ ջաւախահայութեան իրավիճակը չեն, որ իբրեւ թեմա կրնան համախմբել մեր երիտասարդները: Խնդիրներու ժամանակակից յղացքը` թուրքեւազրպէյճանական յերիւրանքային արտադրութիւններուն դէմ պայքարիլը, թրքական գործօնի դրսեւորումներուն հետեւիլը պարզապէս օրինակներ են համաերիտասարդական քննարկումի եւ անոնցմէ բխած քարոզչաքաղաքական գործողութիւններու ձեռնարկման տուն տուող թեմաներու:
Երեւոյթը ողջունելի է, ըստ ամենայնի: Հետեւողականութիւն եւ մնայուն նախաձեռնողականութիւն պէտք է մաղթել 100-ամեակի երիտասարդականին: Այս համախմբուածութեան օրինակը կը յաջողի մթնոլորտ, աշխատանքային նոր միջավայր եւ նպատակաուղղուած աշխատանք իրականացնել, եթէ շարունակ պահէ ազգային կարեւորագոյն հիմնահարցերուն նկատմամբ գիտակցական համախմբուածութեան ոգին եւ միասին աշխատելու երիտասարդական կամքը: Ատով իսկ` տիրական ներկայութիւն դառնալ գաղութին մէջ:
«Ա.»

