50 Տարի Առաջ ( 5 Յուլիս 1962 )

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգային
Բարձրագոյն Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

29 յունիս, ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց Ազգային բարձրագոյն վարժարանի ամավերջի հանդէսը` հովանաւորութեամբ Խորէն արքեպիսկոպոսի:

Հանդէսը բացուեցաւ լիբանանեան եւ վարժարանի քայլերգներով, երգուած` վարժարանին երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի: Ապա տեղի ունեցաւ իրենց դասարաններուն մէջ Ա., Բ. եւ Գ. հանդիսացող 58 աշակերտներուն մրցանակաբաշխութիւնը, որոնցմէ երկուքը` նիւեորքաբնակ ծանօթ ազգային Յ. Խաշմանեանի կողմէ պարգեւատրուած, հայերէնի մէջ առաջնութիւն եւ երկրորդութիւն շահած ըլլալուն համար:

Մանկապարտէզի բաժինը, իր եւրոպական եւ հայկական  պարերով մեծ փայլ տուաւ հանդէսին: Նախակրթարանի աշակերտութիւնը` արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն արտասանութիւններով, ինչպէս նաեւ հայերէն «Գիւտին փառքը» խմբական արտասանութեամբ լիապէս արժեւորեց ինքզինք: Մէջ ընդ մէջ նաեւ երգչախումբը երկձայն ու քառաձայն երգեր երգեց մեծ յաջողութեամբ:

Վարժարանին տնօրէնը՝ Ս. Զաւէն, իր շնորհակալութեան եւ հուսկ բանքի խօսքերուն մէջ վեր հանեց հայ վարժարանին կատարած նախախնամական դերը մեր ազգի բարձրացման մէջ ու թելադրեց հասարակութեան` լաւապէս արժեւորել եւ հոգ տանիլ հայ վարժարանին, մանաւանդ հայ նախակրթարանին եւ անոր մշակներուն, որովհետեւ այն սերունդը, որ այսօր մեր ազգային վարժարաններու գերազանցօրէն հայեցի մթնոլորտին մէջ հասակ կ՛առնէ եւ կը զօրանայ հոգեպէս վաղուան մեր յոյսն է, մեր ազգին ապագան կերտող անպարտելի ուժը:

Տնօրէնին սրտապնդիչ այս խօսքերէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Նախակրթարանի 51 եւ մանկապարտէզի 94 աշակերտ-աշակերտուհիները, տպաւորիչ աջահամբոյրէ ետք, սրբազան հօր ձեռքէն ստացան իրենց վկայականները: Ապա սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` թելադրեց իրենց ամուր պահել ազգային ոգին, սիրել հայ մշակոյթը եւ յարգանք ու սէր ունենալ հայոց ազգին ու պատմութեան հանդէպ: Յետոյ իր խօսքը ուղղելով ժողովուրդին` սրբազան հայրը աւետեց մօտալուտ կառուցումը այս դաշտին վրայ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին եւ մաղթեց, որ յառաջիկայ տարի մեր ամավերջի հանդէսը կատարենք նորակառոյց վարժարանին մէջ:

Ներկաներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ տնօրէնը երկու բաժակներով բեմ եկաւ եւ յայտարարեց, թէ Ս. Քառասնից Մանկանց Ազգային բարձրագոյն վարժարանը մէկուն տիրացած էր միջվարժարանային, ազգային 6 վարժարաններու եւ Ն. Փալանճեան ճեմարանի ֆութպոլի մրցաշարքին մէջ յաղթական հռչակուած ըլլալուն եւ միւսին` միջվարժարանային Գ. մարզահանդէսին իր զանգուածային մասնակցութեամբն ու մարզանքներուն ցուցաբերած շնորհալիութեամբը աչքառու հանդիսացած ըլլալուն համար: Որոտընդոստ ծափերով ողջունուեցաւ տնօրէնին այս յայտարարութիւնը:

Առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեամբ վերջ գտաւ հանդէսը:

Ստորեւ կու տանք նախակրթարանէն շրջանաւարտ հանդիսացող աշակերտ-աշակերտուհիներուն անուանացանկը.

Ասատուրեան Լուսին, Գովասեան Մարալ, Զէյթլեան Սոնա, Կոստանեան Սիլվա, Հաճիմանուկեան Մարօ, Ճրճռեան Նուրիձա, Յովհաննէսեան Մարգարիտ, Պաղտիկեան Շաքէ, Պօղոսեան Յասմիկ, Պչաքճեան Ալիս, Սվազլեան Պերթա, Վարդանեան Անի, Վրանեան Նոյեմի, Փափազեան Աննա, Արթինեան Շաքէ, Բագլայեան Սօսի, Եագուպեան Ռաքէլ, Եազմաճեան Արփինէ, Էլմաճեան Սիրվարդ,  Խաշմանեան Արաքսի, Ճինպաշեան Վրէժուհի, Մազըճեան Ֆլորա, Մարգարեան Արշալոյս, Մերկենեան Տիգրանուհի, Յակոբեան Սեդա, Շահնազարեան Սրբուհի, Չալըգեան Լիա, Տագեսեան Շաքէ, Տիւտիւքճեան Հերմինէ, Քէշիշեան Եղիսաբէթ, Ֆեսճեան Մարի, Լոշխաճեան Յակոբ, Մարունեան Գրիգոր, Նարկիզեան Վարդգէս, Պաղչեճեան Պօղոս, Տեֆտերտարեան Կարապետ, Գարակէօզեան Զարեհ, Գարակէօզեան Յարութիւն, Գզիրեան Յովհաննէս, Դանիէլեան Թորգոմ, Եագուպեան Զոհրապ, Կէօքճեան Գարեգին, Չիւրիւքեան Գրիգոր, Չիւրիւքեան Յովսէփ, Քեւրանեան Ասատուր:

* * *

Այս տարի եւս վարժարանէն վեց աշակերտ-աշակերտուհիներ յաջողապէս անցուցին պետական սերթիֆիքայի քննութիւնները` շնորհիւ Սուրէն Այվազեանի եւ Գէորգ Չիլինկիրեանի յոգնաջան աշխատանքին:

Ստորեւ կու տանք անոնց անունները. Մարի Շիրվանեան, Ազնիւ Գալուստեան, Յակոբ Ագըլեան, Խաչատուր Շահնազարեան, Յարութիւն Պալպուչաքեան եւ Վարդգէս Նարկիզեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Հայաստան

Հայկական Երգչախումբի
Ընկերութեան
Համագումարը

Մայիս 21-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայկական երգչախմբային ընկերութեան առաջին` հիմնադիր համագումարը:

Երգահաններու, խմբավարներու եւ երաժշտագէտներու ներկայութեան ընկերութեան գործունէութեան մասին խօսած է ծանօթ խմբավար Թ. Ալթունեան, որ միեւնոյն ատեն նախագահն է վերոյիշեալ ընկերութեան:

1959 յունուարին հիմը դրուած է Հայկական երգչախմբային ընկերութեան, նպատակ ունենալով, ինչպէս դիտել տուած է զեկուցաբերը, զարգացնել խմբական երգարուեստը Հայաստանի մէջ: Ընկերութիւնը ներկայիս ունի յիսունէ աւելի տեղական խումբեր եւ երկու մասնաճիւղ` Լենինականի եւ Կիրովականի (Գիւմրի եւ Վանաձոր) մէջ, երգի-պարի իրենց խումբերով:

Share this Article
CATEGORIES