«Պիտի Չարտօնեմ, Որ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւնը Բաց Ճակատումի Վերածուի» Ըսաւ Ասատ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին «հարիւր առ հարիւր» ցաւ յայտնեց 22 յունիսին թրքական «Էֆ-4» տիպի կործանիչի սուրիական ուժերուն կողմէ վար առնուելուն համար: Ան ըսաւ, որ «օդանաւը թռիչք կը կատարէր օդային միջանցքէ մը, զոր նախապէս իսրայէլեան օդուժը երեք առիթներով օգտագործած էր»:
Ան ցաւ յայտնեց թրքական այն ամբաստանութիւններուն համար, թէ օդանաւը Միջերկրական ծովուն վերեւ փորձ կատարած ատեն դիտումնաւոր կերպով վար առնուած է եւ ըսաւ. «Այն պետութիւնը, որ պատերազմական վիճակի մէջ կ՛ըլլայ, այս ձեւով կը վարուի: Օդանաւը շատ ցածէն կը թռչէր, եւ զայն իսրայէլեան կործանիչ կարծող հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը վար առին… այդ պաշտպանութեան համակարգին վրայ եղող զինուորը ռատար չունէր, ուստի չէր գիտեր, թէ օդանաւը ո՛ր պետութեան կը պատկանի»:
Սուրիոյ նախագահը ցաւակցութիւն յայտնեց իրենց ճակատագիրը անծանօթ մնացած թուրք օդաչուներուն ընտանիքներուն եւ աւելցուց. «Եթէ օդանաւը միջազգային տարածքին մէջ վար առնուած ըլլար (ինչպէս Թուրքիա կ՛ըսէ), ներում հայցելու չէինք տատամսիր»:
Ասատ ըսաւ, որ «պիտի փափաքէի, որ սուրիական ուժերը թրքական օդանաւը անցեալ շաբաթ վար առած չըլլային»: Ան ընդգծեց, որ «պիտի չարտօնեմ, որ Թուրքիոյ հետ լարուածութիւնը բաց ճակատումի վերածուի»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանի արաբական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա Ժընեւի ժողովին մասնակցեցաւ իբրեւ Սուրիոյ դրացի` նշելով, որ այդպիսի ժողովները համախոհութիւն կը փնտռեն եւ ոչ թէ կարծիքի մը յաղթանակը:
Ան ըսաւ, որ Թուրքիա եւ Արաբական լիկան զօրավիգ կը կանգնէին սուրիական վարչակարգին դէմ խիստ եւ ուժեղ կեցուածքի մը որդեգրման, սակայն Ռուսիա եւ Չինաստան այդ ուղղուածութեան նկատմամբ վերապահութիւն յայտնեցին:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը կը բովանդակէ բազմաթիւ կարեւոր հարցեր, որոնց շարքին այն նախադասութիւնը, թէ փոխանցման հանգրուանը փոփոխութեան հանգրուան մըն է, մանաւանդ որ Ռուսիա եւ Չինաստան «փոփոխութիւն» եզրին դէմ էին: Ան յայտնեց, որ գոյութիւն ունի այն համոզումը, թէ այժմու վարչակարգը իշխելու կարողութիւնը կորսնցուցած է, իսկ այդ հաղորդագրութիւնը յստակ կը դարձնէ, որ Ռուսիա եւ Չինաստան այդ համոզումին հասած են, ինչ որ կարեւոր է:
Տաւութօղլու ըսաւ, որ սուրիացիները իրենք պէտք է որոշեն, թէ ո՛վ իրենց պիտի իշխէ եւ ոչ թէ նախագահ Ասատը, «եւ մենք սուրիացի ժողովուրդին գիտակցութեան եւ լաւ ընտրութիւն կատարելու կարողութեան վրայ վստահութիւն ունինք»: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ փոխանցման կառավարութիւնը բոլոր իրաւասութիւններուն տէր պիտի ըլլայ` նշելով, որ Ասատի ճակատագիրը «մշուշոտ» է, սակայն պիտի չընդունի, որ այս կառավարութեան վրայ որեւէ ուժ կամ իշխանութիւն ըլլայ, «ինչպէս նաեւ այս կառավարութեան կազմութենէն ետք Պաշշար Ասատի իշխանութեան շարունակութիւնը կարելի չէ ընդունիլ»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշեց, որ «կարգ մը արեւմտեան երկիրներ Ժընեւի համաձայնութիւնը կ՛աղաւաղեն»: Ան յայտնեց, որ Մոսկուայի մէջ սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումը յառաջիկայ շաբթուան յետաձգուած է` նշելով, որ Ռուսիա մտադիր չէ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին մասնակցիլ: Ան աւելցուց, որ Ռուսիոյ դեսպանը մասնակցած է Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովին:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ Ռուսիա Փարիզի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովին պիտի չմասնակցի, այսինքն` ներկայացուցիչ պիտի չուղարկէ:
«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ իր տարեկան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ-ի բոլոր միջազգային գործընկերները պէտք է Ժընեւի ժողովին ընթացքին գոյացած համաձայնութիւններու կատարման նպատակով Դամասկոսի վրայ առաւելագոյն ճնշումը գործադրեն:
«Մենք կ՛ողջունենք Ժընեւի հանդիպումը: Այնտեղ քաղաքական նախագիծ նշմարուած է, այժմ անհրաժեշտ է անոր իրագործման հասնիլ: Դամասկոսի վրայ ազդեցութիւն ունեցող միջազգային ընկերութեան իւրաքանչիւր անդամ պէտք է այդ նախագիծի կեանքի կոչման համար ջանք չխնայէ: Միջազգային ընտանիքին պարտքն է` դադրեցնել Սուրիոյ ճգնաժամը, եւ ատիկա պէտք է հիմա ընել», ըսած է ան:
Ռասմուսեն դարձեալ նշած է, որ «ՕԹԱՆ մտադիր չէ Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութիւն կատարել»:
Դաշինքը նաեւ օգտակար չի նկատեր քաղաքական լուծման հասնելու համար ժամկէտներու սահմանումը, թէեւ կը կարծէ, որ արիւնահեղութիւնը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ դադրեցուի:
«ՕԹԱՆ խստիւ կը դատապարտէ սուրիական տագնապի տարածումը եւ թրքական օդանաւերու ոչնչացման հետ կապուած ամօթալի միջադէպը», նշած է Ռասմուսեն: Ըստ անոր, ՕԹԱՆ Թուրքիոյ կողմէ իր զինուորական կարելիութիւնները Սուրիոյ մէջ կիրարկելու դիմում մը չէ ստացած:
Մեկնաբանելով Սուրիոյ սահմանին վրայ թրքական զինուորական ուժերու յաւելումին հետ կապուած լուրերը` ան յայտարարած է, որ «կ՛ողջունեմ Թուրքիոյ զսպուածութիւնը` իր կործանիչին կապուած ողբերգական միջադէպէն ետք», եւ օրինաչափ նկատած է, որ Անգարա իր բնակչութեան պաշտպանութեան համար միջոցառումներու կը ձեռնարկէ:
«ՕԹԱՆ-ի խորհուրդը Թուրքիոյ լիակատար աջակցութիւն յայտնած է: Որեւէ պարագայի, առանց նախազգուշացման օդանաւի ոչնչացումը անթոյլատրելի է», ըսած է Ռասմուսեն:
Միեւնոյն ժամանակ ան հրաժարած է պատասխանել այն հարցումներուն, որոնք կապուած են կործանիչի ոչնչացման պայմաններուն հետ, մասնաւորաբար, թէ որո՛ւ օդային սահմաններուն մէջ անիկա վար առնուած է:
Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ սուրիական կառավարական ուժերէն զօրավար մը իր 85 զինուորներուն հետ Թուրքիա ապաստանած է: 85 զինուորներէն 23-ը սպաներ են: Զինուորներուն հետ եղած են նաեւ անոնց ընտանիքներուն 293 անդամները:
Անոնք սահմանը հատած են Ալեքսանտրէթի մօտ եւ ապաստան ստացած Ափայտըն բնակավայրին մօտ տեղակայուած սուրիացի գաղթական ճամբարին մէջ, իսկ կիները եւ երեխաները տեղափոխուած են Սուրիոյ գաղթականներու քաղաքացիներուն համար ստեղծուած Ուրֆայի ճամբարը:


