Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ շէյխ Խտըր Նուրէտտին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պատասխանատու են լիբանանեան պետութիւնը մղելու, որ վերջինս բոլոր փակ ճամբաները բանայ եւ երկրին մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ արաբ ժողովուրդի ազգային ինքնորոշման իրաւունքը արգիլելու առումով իսրայէլեան-ամերիկեան փորձերը առկայ են:
ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ հաղորդակցութեան միջոցներու զէնքը թիրախ դարձնելու փորձը կը միտի Դիմադրութիւնը տկարացնել:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ լիբանանեան հողերուն դէմ կատարուած սուրիական ոտնձգութեան նկատմամբ լուռ մնալը ոճիրին մեղսակից դառնալու համազօր է:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ շէյխ Ահմետ Ասիրի կազմակերպած բաց նստացոյցին մասնակիցներուն վրանները հետզհետէ կ՛աւելնան` փակ պահելով Սայտայի ճամբան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Սաատ Ալի Հիլալ Մուհաննատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաթարեան դեսպանատան եւ ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ յարաբերութիւնները:

