Ժահժահ. «Խորհրդարանի Նախագահին Հետ Հաղորդակցութիւնը Ընթացքի Մէջ Է»
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու որոշումը ապօրինի կերպով տրուած է` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իրենց հաղորդակցութիւնները չեն խզուած եւ տակաւին ընթացքի մէջ են:
Ժահժահ դիտել տուաւ, որ մեծ թիւով սարակներ իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելը սխալ է, իսկ պետութիւնը սնանկանալու սեմին կը գտնուի:
Անդրադառնալով Պաքիհայի սահմանամերձ շրջանին մօտ սուրիական ուժերուն գործած ոտնձգութեան` Ժահժահ յայտնեց, որ այդ գծով հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին կեցուածքները ողջունելի են` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է հարցաքննութեան կանչէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը:
CATEGORIES Լիբանանեան

