Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Էօզեըլտըզը
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ Էօզեըլտըզի հետ իր հանդիպումը յատկացուած էր Սուրիոյ մէջ ձերբակալուած լիբանանցիներու ազատ արձակման բանակցութիւններուն մէջ թրքական իշխանութիւններուն ներդրումին մանրամասնութիւնները քննարկելու:
Միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ ինք Էօզեըլտըզի հետ հանդիպումը կատարած է` ընդառաջելու համար առեւանգուած լիբանանցիներու ընտանիքներուն խնդրանքին: «Թուրք դեսպանը հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները, յատկապէս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ազատ արձակելու համար զանոնք: Թուրքիա յանձնառու է նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան ամրապնդումին», ըսաւ ան:
CATEGORIES Լիբանանեան


