«Սուրիոյ Ազատ Բանակը Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Հինգ Զօրանոց Ունեցաւ» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Ֆրենժիէ` Հարտանի հետ հանդիպման պահուն

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար Ասաատ Հարտանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինչպէս Մարատայի թեկնածուն ղովմիներուն եւ աունականներուն թեկնածուն է, նոյնպէս ալ Ղովմի կուսակցութեան թեկնածուն դաշնակից քաղաքական ուժերու թեկնածուն կը նկատուի:

«Հետեւաբար, մենք այսօր կը զօրակցինք Ղովմի կուսակցութեան եւ կոչ կ՛ուղղենք Քուրայի մեր բոլոր համակիրներուն, որ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն օրը վերածուի Մարատա հոսանքին օրուան, ինչպէս որ ան Ղովմի կուսակցութեան օրն է», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ֆրենժիէ մաղթեց, որ Քուրայի ընտրապայքարը ըլլայ ժողովրդավարական, եւ թող Քուրան ըսէ իր խօսքը:

Միւս կողմէ, Ֆրենժիէ շեշտեց, որ սուրիական ընդդիմութիւնը եւ Սուրիական ազատ բանակը Լիբանան մուտք կը գործեն ազատ կերպով` աւելցնելով, որ անոնք հիւսիսի մէջ արդէն իսկ 5 զօրանոց ունեցած են:

«Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին եւ կառավարութեան կողմէ որոշում տրուեցաւ սուրիացի գաղթականները ընդունելու, սակայն զինեալները ի՛նչ գործ ունին լիբանանեան հողերուն վրայ: Արդեօք անո՞նք ալ մարդասիրական կարիքներ ունին, թէ՞ հիւսիսային Լիբանանի մէջ անջատման գօտիի մը ստեղծման կը ձեռնարկեն», հարց տուաւ Ֆրենժիէ:

Share this Article
CATEGORIES