Մանսուր Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը
Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական իրադարձութիւնները, յատկապէս սահմանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք դեսպան Ալի յայտնեց, որ ինք պահանջած է Մանսուրի հետ տեսակցիլ հիւսիսային Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ արձանագրուած միջադէպէն ետք:
Ալի շեշտեց, որ անընդունելի է, որ լիբանանեան հողերէն դէպի սուրիական հողեր կրակոցներ արձակուին, ինչպէս նաեւ յարձակումներ գործուին եւ զէնք ու զինամթերք փոխադրուի:
Ան յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները յաւելեալ խստութեամբ հսկողութեան տակ առնուին: Այս ծիրին մէջ Ալի նշեց, որ Սուրիա կը գործակցի Լիբանանի հետ` պահպանելու համար երկու երկիրներուն ապահովական կայունութիւնը:
Ալի նաեւ ընդգծեց, որ Մանսուր յանձնառու էր երկու երկիրներուն ղեկավարութիւններուն միջեւ գործակցութեան` աւելցնելով, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն կանխարգիլել այն օրակարգերը, որոնք կը պարտադրուին արտաքին ուժերու կողմէ:


