«Լիբանանեան Արտադրութեան Պահպանումը Կը Զօրացնէ Լիբանանի Տնտեսութեան Դիմադրողականութիւնը» Շեշտեց Նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ շեշտեց, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին ինք պիտի չընդունի, որ լիբանանեան որեւէ գործարան ենթարկուի «Եունիսերամիք» գործարանին ճակատագիրին: Ան նշեց, որ այդ գործարանի փակուելուն հիմնական պատճառը այն էր, որ «Եունիսերամիք»-ի արտադրութիւնները իրենց մրցակցութեան կարողութիւնը կորսնցուցին, երբ ներածուող այլ արտադրութիւններ աւելի աժան սկսան ծախուիլ:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ ներկայիս նոյն փորձերը կը կատարուին ալիւմինիումի մարզին դէմ` աւելցնելով, որ ինք առիթ պիտի չտայ նման քայլերուն յաջողութեան:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ յառաջիկայ չորս տարիներուն ալիւմինիումի ներածման շրջագիծին մէջ ինք կը զօրակցի մաքսատան մէջ տուրքեր պարտադրելու գաղափարին` աւելցնելով, որ այդ մարզը հազարաւոր լիբանանցիներու աշխատանք կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ գործառնութեան մէջ կը դնէ:

Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ այս իմաստով ինք կը գործակցի տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասի հետ:

«Լիբանանեան արտադրութիւնները պահպանելու առումով երբեք պիտի չվարանիմ, որովհետեւ այդ ձեւով է, որ կարելի է հզօրացնել երկրին տնտեսական դիմադրողականութիւնը: Իբրեւ նախարար իմ պատասխանատուութիւնս է արգիլել այս կամ այն գործարանին փակումը, յատկապէս երբ գործարանը յանձնառու է պահպանելու իր որակը եւ պահանջուած չափանիշերը», ընդգծեց նախարար Սապունճեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES