Զօր. Աուն Բացատրութիւն Պահանջեց Խորհրդարանին Մէջ Արձանագրուած Հարցին Առնչութեամբ

Զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի պահուն` շրջապատուած համախմբումի նախարարներով եւ երեսփոխաններով

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումին ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ զօր. Աուն յայտնեց, որ համախմբումի նախարարները պոյքոթի ենթարկած են կառավարութեան երէկուան նիստին իրենց մասնակցութիւնը, որովհետեւ անոնք ներկայացուցած են այնպիսի օրինագիծ մը, որուն պաշտպանողականը չեն կատարած:

«Մենք նաեւ անյարմար կը տեսնենք համախմբումի նախարարներուն վաղուան նիստին մասնակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ ներկայ մթնոլորտը քննարկումներ կատարելու յարմար չէ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ տարիներու ընթացքին Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ հաւաքուած են մեծ թիւով աշխատաւորներ, որոնց կացութեան մասին ուժանիւթի նախարար Ժըպրան Պասիլ երկար եւ մանրամասն բացատրութիւններ տուած է: «Մեզի ոչ մէկը թող յուշէ մարդասիրական կողմին մասին, որովհետեւ անոնք բոլորը ընկերային ապահովագրութիւն կը վայելեն: Սակայն մենք կարիքը ունինք բացատրութեան, թէ ինչո՞ւ խորհրդարանին մէջ այդ հարցը ծագեցաւ», հարց տուաւ զօր. Աուն:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ համախմբումը կը ջանայ արդիականացնել լիբանանեան պետութիւնը` ընդգծելով, որ ոչ ոք կրնայ իրենց վրայ սխալ որոշումներ պարտադրել` ընտրական կամ ոչ ընտրական պատճառներով:

Զօր. Աուն նշեց, որ կան նախարարներ, որոնք անպատասխանատու են եւ անգիտակից իրենց կատարելիք աշխատանքին ունենալիք արդիւնքներուն կամ հետեւանքներուն:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահը շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը կարելի չէ հիմնել նման խախտումներով եւ մնայուն կերպով երկրին պետութեան հիմքերը խախտելով:

«Ոմանք ուղղակի մեզի դէմ կ՛աշխատին` խոչընդոտելու համար մեր առաքելութիւնը, մինչդեռ մենք այս կամ այն նախարարութեան աշխատանքներուն միջամուխ չենք ըլլար եւ կ՛ընդունինք արմատական բարեկարգումը: Մենք կացութիւնը լաւապէս սերտած ենք եւ լիբանանցիներուն կը ձգենք ներկայ զգայուն հանգրուանը դատելու քայլը», ըսաւ զօր. Աուն:

«Կարծէք թէ կայ այնպիսի դրութիւն մը, որ որոշ զգայուն հաստատութիւններու պարագային ոչ ոք կրնայ միջամտել կամ ձեռք երկարել: Իսկ նախանցեալ երեկոյեան պատահածը խորհրդարանական կանոններու խախտում էր», ըսաւ զօր. Աուն` աւելցնելով, որ նուազագոյնը Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու օրէնքը չգործադրել է, որովհետեւ անոր շուրջ քուէարկութիւն չէ կատարուած:

«Մենք կը գտնուինք կարծիքներ փոխանակելու դարուն մէջ եւ նուազագոյնը կը փափաքինք գիտնալ, թէ ի՛նչ պատահած է», ըսաւ ան` հարց տալով նաեւ, որ կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը ո՞ւր է: «Լիբանանեան հանրային կարծիքը պէտք է գիտնայ, որ ինչո՞ւ խորհրդարանի նիստը պոյքոթի ենթարկուած է», յայտնեց զօր. Աուն:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն շեշտեց, որ Դիմադրութեան ընտրանքը ազգային ընտրանք է, որուն մասին ոչ ոք պէտք է խօսի: «Մենք համոզուած ենք, որ Դիմադրութիւնը անհրաժեշտութիւն է` պաշտպանելու համար Լիբանանը: Այս տեսակէտն ու համոզումը անփոփոխ է, որքան ալ քաղաքական տարակարծութիւններ ըլլան: Մենք կրնանք թերեւս քաղաքական առումով տարակարծիք ըլլալ, սակայն Դիմադրութեան ընտրանքին իմաստով ոչ մէկ կատակ կամ անլուրջ կեցուածք պէտք է ըլլայ», եզրափակեց զօր. Աուն:

 

Share this Article
CATEGORIES