«Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Գաղտնի Լսումի Արշաւները Բռնագրաւումի Համազօր Են» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումը` զայն նկատելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ գաղտնի լսումները, լրտեսութիւնը եւ ականներու ու գաղտնի լսումի սարքերու լարումը երկրին բռնագրաւման համազօր են:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրիի հետ, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նախկին երեսփոխան Միշել Խուրի: Քննարկուեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որ նախագահին փոխանցեց Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրապիմ եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւններու ընդհանուր տնօրէն զօր. Էտմոն Ֆատել, որոնք հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեցին երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ սուրիական ուժերուն կողմէ լիբանանեան սահմանները խզելու առումով տրամադրելի տուեալները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն խորհուրդի նախագահ Թահսին Խայեաթ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող հարցեր:


