Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Խորհրդարանի Լիագումար Նիստին Իրենց Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկեցին

Պըրրի եւ նախարարները կը հեռանան խորհրդարանի ժողովասրահէն

Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իբրեւ պաշտօնեայ հաստատելու օրէնքին վաւերացումին դէմ իբրեւ բողոք, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեանց քրիստոնեայ երեսփոխանները  երէկ պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանի լիագումար նիստին իրենց մասնակցութիւնը` առկախելով խորհրդարանին նիստը:

Խորհրդարանը կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին սկսաւ իր լիագումար նիստին երկրորդ օրուան: Նիստը բացուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի լիագումար նիստը վաւերացուցած է 23 օրինագիծ եւ տակաւին 11 օրինագիծ ունի քննարկելիք: Ան աւելցուց սակայն, որ ինք կը նկատէ, թէ խորհրդարանը պարապ է իր հիմնական քաղաքական ուժերէն, «եւ իմ սովորութիւններուս համաձայն, երբ նման կեցուածք կ՛արձանագրուի, ես կը խնդրեմ յետաձգել լիագումար նիստը, մինչեւ քաղաքական բոլոր կողմերուն ներկայութիւնը», ըսաւ Պըրրի:

Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, Պըրրի խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ:

Այս մասին Սինիորա յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի իր հունին վերադարձնելու համար խորհրդարանին աշխատանքը եւ առիթ պիտի տրուի, որ քաղաքական իւրաքանչիւր կողմ մասնակցի խորհրդարանի աշխատանքներուն:

Իրենց կարգին, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը խորհրդարանի նիստին նման կերպով ջնջումը սխալ նկատեցին:

Երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ սարակներուն վերաբերող օրէնքը վաւերացուած է, սակայն եթէ այդ մասին բողոք կայ, ապա զայն մերժելու սահմանադրական ձեւերը շատ են:

Երեսփոխան Ղազի Զաայթեր ցաւ յայտնեց, որ խորհրդարանի նիստին մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը հիմնուած ըլլայ համայնքային դրութեան հիման վրայ:

Իր կարգին, երեսփոխան Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ երէկուան միջադէպը Լիբանանի խորհրդարանին վայել չէ, որովհետեւ համայնքային բնոյթ ունի:

Իր կարգին, երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ քրիստոնեայ երեսփոխաններուն կողմէ լիագումար նիստը պոյքոթի ենթարկելը սխալ է, «իսկ հանրապետութեան նախագահին կողմէ այդ օրէնքը առանց վաւերացնելու դարձեալ խորհրդարան փոխանցելը շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ», շեշտեց Քապպանի:

Նշենք, որ Պըրրի խորհրդարանի դիւանը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Այն Թինէի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES