Կառավարութեան Երէկուան Եւ Այսօրուան Նիստերը Ջնջուեցան
Խորհրդարանին կողմէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները իրենց պաշտօնին վրայ հաստատելու որոշումին իբրեւ բողոք, երէկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները պոյքոթի ենթարկեցին կառավարութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը:
Այդ կեցուածքին եւ նախարար Ալաէտտին Թըրրոյի բացակայութեան (ճամբորդութեան պատճառով) իբրեւ հետեւանք կառավարութեան նիստը ջնջուեցաւ` նախարարներու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Պաապտա հասնելէ անմիջապէս ետք, ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի խնդրանքին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ եւ հարց տուաւ անոր, թէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները պիտի մասնակցի՞ն կառավարութեան նիստին, թէ՞ ոչ, եւ Պասիլէն ստացաւ հետեւեալ պատասխանը. «Ո՛չ այսօրուան եւ ո՛չ ալ վաղուան նիստերուն պիտի մասնակցինք»:
Նշենք, որ այսօր կառավարութիւնը պիտի գումարէր 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող յատուկ նիստ մը, որ առաջնահերթութիւն էր:
Այս շրջագիծին մէջ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ կարելի չէ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը քննարկել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարներուն բացակայութեան:
Տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերը ջնջուած են:

