Ֆրանսահայերը Հոլլանտի Հետ Հանդիպում Պիտի Ունենան
Թրքական «Տիւնիա Պիւլթենի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայերը հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ` քննարկելու համար Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծի մշակման հարցը: Հայ համայնքը Հոլլանտին պիտի յիշեցնէ օրինագիծին հետ կապուած հայ համայնքին տուած իր խոստումը:
Հանդիպումին մասնակցելու համար ձեւաւորուած է պատուիրակութիւն մը, որուն պիտի մասնակցին համայնքի ղեկավարները, քաղաքական գործիչներ եւ մասնագէտներ: Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին նաեւ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները:
CATEGORIES Հայկական


