Ճատրակ. Դաւիթ Յարութիւնեան Տիրացաւ Ատոլֆ Անտերսոնի Յիշատակին Նուիրուած Մրցաշարքի Տիտղոսին
Armchess.am ճատրակի լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ կրանտմասթըր Դաւիթ Յարութիւնեան (Վրաստան) երէկ տիրացաւ Ատոլֆ Անտերսոնի յիշատակին նուիրուած արագ ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին, որ տեղի ունեցաւ Վրոքլաւի մէջ (Լեհաստան):
Իր արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, ան հասաւ մինչեւ աւարտական հանգրուան, ուր իր դէմ ունեցաւ այլ հայ մը` կրանտմասթըր Սերկէյ Գասպարովը (Պիելոռուսիա): Ան 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով առանց պարտութեան տիրացաւ տիտղոսին: Նշենք, որ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենար նաք-աութի դրութեամբ:
CATEGORIES Մարզական


