Ըմբշամարտ. Հայաստան Տիրացաւ Երկու Արծաթ Մետալի
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբիշներ Միհրան Ջափուրեան (55 քկ) եւ Հաճիմուրատ Նուրմուհամետով (84 քկ) յունական Օլիմփիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին գրաւելով երկրորդ դիրքը, արծաթէ մետալներ ապահովեցին Հայաստանի, կը յայտնէ «Ա1+» լրատուական կայքէջը:
Անոնք, ինչպէս նաեւ Դաւիթ Սաֆարեան (66 քկ), այժմ կը պատրաստուին 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիականին:
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արայիկ Պաղտատեան կը յայտնէ, որ այժմ ըմբիշներուն եռօրեայ հանգիստ տրուած է, որմէ ետք անոնք 8 յուլիսին պիտի մեկնին Վլատիքաւքազ, ուր պիտի կատարեն իրենց նախավերջին ուսումնամարզական հաւաքը` Ողիմպիական խաղերէն առաջ:
Անոր պիտի մասնակցին 16 մարզիկներ, որոնց կարգին` վերջերս աւարտած Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մետալներու տիրացած 4 ըմբիշները:
Այդ հաւաքէն ետք խումբը պիտի վերադառնայ Երեւան եւ Աւանի Ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 27 յուլիսէն 8 օգոստոս պիտի կատարէ ուսումնամարզական իր վերջին հաւաքը:

