Ճատրակ. Հայաստան – Ազրպէյճան` 2,5-1,5
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Վլատիմիր Տվորքովիչի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ճատրակի պատանիներու հաւաքականը տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ազրպէյճանը:
Ազրպէյճանի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին Հայաստանի համար յաղթանակներ ապահովեցին Տիգրան Յարութիւնեան եւ Սուզանա Կապոյեան, կը յայտնէ «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան այժմ 3 խմբային եւ 6 անհատական կէտերով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Առաջին դիրքը կը գրաւէ Չինաստան, որ ապահոված է 8 խմբային եւ 12 անհատական կէտեր:
CATEGORIES Մարզական

