ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՈՒՆԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Եունան պատրիարքը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց ասորի կաթողիկէ համայնքի Իգնատիոս Գ. Եունան պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Եունան պատրիարքը յայտնեց, որ ինք Միքաթիին յայտնած է իր զօրակցութիւնը` շեշտելով, որ իրենք կ՛աղօթեն, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան արագ կազմութիւնը:

Եունան պատրիարքը նշեց, որ Լիբանանի մէջ ասորի համայնքը կը կատարէ իր պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ կը պահանջէ իր իրաւունքները` ամբողջացնելու համար իր պատասխանատուութիւնները:

Միւս կողմէ, Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաֆրոմաթիսը, որուն հետ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Մարքոս Քիփրիանուի Լիբանան կատարելիք այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքներն ու աշխատանքային այդ այցելութեան օրակարգը:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի գործավար նախարար Մոհամետ Սաֆատին, որ Միքաթիի հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Պահաէտտին Իթանի:

Նշենք, որ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ կառավարութեան ծնունդը կրնայ մօտիկ ապագային յայտարարուիլ, եթէ վերջնական համաձայնութիւն գոյանայ նախարարութիւններուն եւ նախարարներու անուններուն շուրջ:

Share this Article
CATEGORIES