«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԵԾ ՋԱՆՔԵՐ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ ՇՐՋԱՆԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ» ՇԵՇՏԵՑ ԴԵՍՊԱՆ ԷՕԶԵԸԼՏԸԶ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Աքքարի միւֆթի շէյխ Ուսամա Ռիֆահիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւններուն ամրապնդման եւ երկկողմանի գործակցութեան աշխուժացման կարեւորութիւնը:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Թուրքիա շահագրգռուած է հանդարտ եւ կայուն Միջին Արեւելքով, յատկապէս կայուն Լիբանանով:

Թուրքիոյ դեսպանը այս մասին շարք մը օրինակներ ներկայացուց` սկսեալ թրքական իշխանութիւններուն կեցուածքներէն, հասնելով մինչեւ Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ ի նպաստ Լիբանանի յայտարարուած կեցուածքներուն:

Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Թուրքիա մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES