Գաղութէ – Գաղութ
Մոսկուա
Հանդիպում-Շնորհահանդէս
27 յունիսին Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-շնորհահանդէս` նուիրուած 2012-2013 տարեշրջանի համար հաստատուած հայոց լեզուի` որպէս արեւելեան առաջին լեզուի, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի ուսումնասիրման ուղղուած կրթական ծրագրին:
Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Օլեգ Եսայեան ներկաներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ նշեց, որ Մոսկուայի պետական համալսարանին մէջ հայոց լեզուի ուսումնասիրութիւնը ազգերու միջեւ շփումներու ապահովման կարեւորագոյն միջոցն է: Դեսպանը վստահութիւն յայտնեց, որ հաստատուած կրթական ծրագիրը պիտի ծառայէ ի նպաստ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ երկու երկիրներու հասարակութիւններու մօտեցման, աւելցնելով, որ Հայաստանի դեսպանութիւնը պատրաստ է համակողմանի աջակցութիւն տրամադրել Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու կեդրոնին` ծրագրի իրականացման ընթացքին:
Բաժանմունքի տնօրէն Մ. Մէյեր խօսք առնելով շեշտեց, որ հայոց լեզուի ուսումնասիրութիւնը առաջնահերթ հարց է, աւելցնելով, որ կրթական ուղղութեան հաստատման նպատակներէն մէկն է Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի եւ երկրի պատմութեան ու մշակոյթի մասին գիտելիքներու տարածման ապահովումը:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան նաեւ` Մոսկուայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, Լոմոնոսովի անուան Մոսկուայի պետական համալսարանի դասախօսներ, գիտութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ:
Քուէյթ
Հայոց Դրօշակի Օրհնութիւն
Կազմակերպութեամբ Քուէյթի Ազգային վարչութեան, 1 յունիսին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական յատուկ արարողութիւն մը:
Օրուան խորհուրդի մասին անդրադարձաւ սրբազան հայրը, որ բարձր արժեւորեց մայիսեան դիւցազնամարտը եւ աղօթեց բոլոր նահատակներուն համար, որոնք իրենց կեանքը ընծայաբերեցին հայրենիքի եւ ազգի փրկութեան համար, ապա օրհնեց հայոց եռագոյն դրօշը:
Ռումանիա
Հայաստանի Դեսպան
Համլեթ Գասպարեանի Այցելութիւնը
22-23 յունիսին Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան այցելեց Թրանսիլվանիոյ Կերլա, պատմական Արմէնոպոլիս քաղաք, ուր հանդիպում ունեցաւ նորընտիր քաղաքապետ Մարիուս Սապոյի հետ: Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը միտքեր փոխանակեցին Կերլա քաղաքին մէջ հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման եւ Հայաստանի հետ կապերու հաստատման մասին: Դեսպան Գասպարեան նկատել տուաւ, որ նախորդ քաղաքապետին եւ Իջեւանի քաղաքապետին միջեւ համաձայնութիւն գոյացած էր երկու քաղաքներու միջեւ եղբայրական կապեր հաստատելու: Քաղաքապետ Մարիուս Սապօ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Կերլայի մէջ ընդունելու Իջեւանի նոր քաղաքապետ Վարդան Ղալումեանը եւ ստորագրելու համագործակցութեան համաձայնագիր:
Այնուհետեւ, Ս. Երրորդութիւն հայ կաթողիկէ տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի յիշատակին նուիրուած Ս. պատարագ:
Նոյն օրը Ս. Երրորդութիւն տաճարի ծխական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կերլայի պատմութեան վերաբերեալ Քրիշթոֆ Սոնկոթի հունգարերէն մենագրութեան ռումաներէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը: Խօսք առին ծերակուտական, ՌՀՄ նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, պատմաբան Լուչիան Նասթասէ եւ «Հայ-հունգարական մայրաքաղաք, թագաւորական ազատ քաղաք Կերլայի մենագրութիւնը» գործի թարգմանիչ Անտրէա Կիթան:
Այնուհետեւ Կերլայի նորաբաց Հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կերլայի 18-րդ դարու հայկական սրբապատկերներու եւ հոգեւոր թեմայով գեղանկարներու, ինչպէս նաեւ թրանսիլվանահայ ժամանակակից նկարիչ Ազատուհի Վարդուկա-Խորէնեանին գործերու զոյգ ցուցահանդէսներուն բացումը: Ռումանիոյ եւ Թրանսիլվանիոյ տնտեսական եւ մշակութային կեանքի զարգացման մէջ հայերու ծանրակշիռ աւանդին մասին ելոյթներով հանդէս եկան Վարուժան Ոսկանեան, արուեստաբան Փալ Էմեսեն, փրոֆ. Նեկոիցա Լափթոյու եւ խմբագիր Շանտոր Պոկլարքա: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ֆրանսա
Արցախին Նուիրուած
Ցուցահանդէս
«Նափոլէոն Պիւլլիւքեան» հիմնադրամին հետ գործակցաբար, 16 յունիսին Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսի բացում` նուիրուած հայկական տպագրութեան 500-ամեակին:
Ցուցահանդէսին նպատակն էր ծանօթացնել այն կարեւոր դերը, զոր ունեցած է Արցախ` Կովկասի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման եւ տարածման գործին մէջ: Այս առթիւ կատարուեցաւ նաեւ «Արցախ` հայկական արուեստներու եւ աւանդութիւններու այգին» գիրքին ներկայացումը եւ տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը` բացատրելու համար Արցախի, յատկապէս Շուշիի դերը որպէս մշակութային եւ մտաւորական օճախ` Կովկասի մէջ:
Մարսէյ – Երեւան Գործակցութեան
20-Ամեակի Նշում
Երեւանի եւ Մարսէյի միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրի 20-ամեակի ծիրին մէջ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքը: Այցելութեան առաջին օրը` 21 յունիսին, Տարօն Մարգարեան հանդիպում ունեցաւ իր գործընկերոջ` Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի հետ, որ նշեց, թէ երկու քաղաքներուն միջեւ առկայ բարեկամութեան ակունքները վերջին քսան տարիներէն շատ աւելի անդին կ՛երթան, որովհետեւ անոնք շատ աւելի խոր արմատներ ունին, աւելցնելով, որ երկու քաղաքներուն համագործակցութիւնը այս մեկնակէտէն պէտք է ըլլան համարժէք եւ բազմակողմանի:
Տարօն Մարգարեան իր կարգին անդրադարձաւ Հայաստանի եւ հայութեան առնչուող հարցերուն նկատմամբ Մարսէյի քաղաքապետին կողմէ ցուցաբերուած մնայուն եւ գործնական հետաքրքրութեան, աւելցնելով, որ հարկ է վերատեսութեան ենթարկել համագործակցութեան համաձայնագիրը եւ ստեղծել աշխատանքային խումբեր, որոնք պիտի ուսումնասիրեն համագործակցութեան բոլոր առաջարկները:
Նոյն օրը Երեւանի քաղաքապետը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսական-հայկական առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ գործարար համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ֆրանսահայ յայտնի բեմադրիչ Հանրի Վեռնոյի որդին` Պատրիկ Մալաքեան, որուն հետ կայացած զրոյցին ընթացքին քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նշեց, որ ներկայիս կը քննարկուին Երեւանի մէջ այդ նշանաւոր անձնաւորութեան անունով փողոց անուանելու հարցը: Իր եւ ընտանիքին անունով շնորհակալութիւն յայտնելով Երեւանի քաղաքապետին` նման նախաձեռնութեամբ հանդէս գալու համար, Պատրիկ Մալաքեան նշեց, որ նման քայլ մը իսկապէս մեծ պատիւ է իրենց համար, եւ վստահեցուց, որ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի աջակցի Երեւանի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
* 23 յունիսին, Մարսէյ եւ Երեւան քաղաքներու գործակցութեան 20-ամեակին առիթով, Մարսէյի 8-րդ թաղամասին մէջ գտնուող Պորելի զբօսայգիի հայկական խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը:
Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ-Կոտէ խօսք առնելով` անգամ մը եւս շեշտը դրաւ Մարսէյ-Երեւան գործակցութեան կարեւորութեան վրայ` անդրադառնալով պատժելիութեան օրէնքին անհրաժեշտութեան: Ան յայտնեց նաեւ, թէ բացարձակապէս դէմ է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան:
Իր կարգին, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ընդգծեց այն ջերմ յարաբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին երկու քաղաքներուն` Մարսէյի եւ Երեւանի միջեւ: Ան նաեւ ջատագովեց Մարսէյի հայութիւնը, որ նպաստած է եւ կը շարունակէ նպաստել երկու երկիրներու մերձեցման:
Աւարտին խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՄԸՄ–ի Պարահանդէսը
14 յունիսին ՀՄԸՄ-ի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 37-րդ մարզախաղերու յաղթանակի պարահանդէսը:
Շրջանային վարչութեան անունով Գառնիկ Աբրահամեան գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւններ յայտնեց ներկաներու զօրակցութեանց համար:
Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը փոխանցեց պատուոյ նախագահ Գագիկ Գէորգեան, որ հաստատեց, թէ ՀՄԸՄ-ը հայ ազգի ամենահզօր եւ ամենակազմակերպուած կառոյցներէն մէկն է, որ աւելի քան 90 տարիներու պատմութեամբ կը գոյատեւէ եւ կը տարածուի ամէնուրեք: Այս իմաստով, ան խոստացաւ զօրակցիլ եւ զարգացնել իր ապրած երկրին` Ռուսիոյ մէջ հիմնուած ՀՄԸՄ-ը:
Լոյս Տեսած Է «Բառ Ու Բան»
Թերթին Երկրորդ Թիւը
Վերջերս Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութիւնը լոյս ընծայեց իր «Բառ ու բան» պարբերաթերթին երկրորդ թիւը (գարուն, 2012): Այս թիւին մէջ բանաստեղծութիւններ ունին` Նաթելլա Լալաբեկեան, Եսթեր Դաւիթեան, Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, Շահէ Քէօրօղլեան, Ագնէս, Ռիմա Խաչատրեան, Վարսիկ Յակոբեան, Նարինէ Բալաբեկեան, Արաքս, Ալեքսանդր Թամրազ, Գարուշ Հարեանց եւ Գրիշ Դաւթեան, իսկ արձակ կտորներ ունին` Պօղոս Քիւփելեան, Սարգիս Վահագն, Արմինէ Պետրոսեան, Ռ. Կորիւն, Պօղոս Լագիսեան, Կոլիա Տէր Յովհաննիսեան եւ Ջանիբեկ Ջանիբեկեան (Կոշեցի):
Թերթին տնօրէնն է Նաթելլա Լալաբեկեան, խմբագիրը` Գրիշ Դաւթեան, իսկ խմբագրական կազմի անդամներն են` Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, Գէորգ Քրիստինեան, Պօղոս Քիւփելեան, Գարուշ Հարեանց եւ Ռ. Կորիւն:
Նկարչուհի Սիրուն Երէցեանի Գործերու
Ցուցահանդէս Եւ Հատորի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Թէքէեան մշակութային միութեան վարչութեան, 13 յունիսին առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ նկարչուհի Սիրուն Երէցեանի գործերու ցուցահանդէսին եւ նկարչական գործերու նոր հրատարակուած հաւաքածոյի ներկայացման բացումը:
Թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան գնահատեց Սիրուն Երէցեանի նկարչական արուեստի գործերը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ տոքթ. Արփի Սարաֆեան եւ Հերի Մեսրոպեան:
«Հայրենիք» Միութեան Ներկայացուցիչներու
Շնորհաւորական Այցելութիւնը Առաջնորդին
20 յունիսին «Հայրենիք» միութեան գործադիր մարմինի ներկայացուցիչներ Յակոբ Բաշմանեան, Յարութիւն Սարգիսեան եւ Բարունակ Չելիկեան այցելութիւն մը տուին Ազգային առաջնորդարան` շնորհաւորելու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը` վերընտրութեան առիթով:
Ներկայացուցիչները այս առիթով նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին առաջնորդին` Հայաստանի ի նպաստ իրենց գործունէութեան մասին:
Առաջնորդը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհաւորանքին համար, բարձր գնահատեց միութեան ժողովրդանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւնները եւ նոր նուաճումներ մաղթեց անոր:
Աշխարհահռչակ Սոփրանօ
Յասմիկ Պապեանի Ելոյթը
Նախաձեռնութեամբ «Արուեստագէտները` երեխաներու համար» կազմակերպութեան, 22 յունիսին Փասատինայի «Ամպասատոր օտիթորիում» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայազգի աշխարհահռչակ սոփրանօ Յասմիկ Պապեանի բարեգործական համերգը` ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի սիմֆոնիք նուագախումբին, ղեկավարութեամբ Միքայէլ Աւետիսեանի:
Երգահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայաստանի մէջ շաքարախտի հիւանդութիւն ունեցող երեխաներու հիմնադրամին:
Յայտագրի ընթացքին ներկայացուեցան իտալական լաւագոյն օփերաներէն եւ հայկական, յատկապէս Կոմիտասէն կտորներ:
Քանատա
«Հայաստան» Հիմնադրամի Թորոնթոյի
Տեղական Մարմինին Դրամահաւաք–Ճաշկերոյթը
24 յունիսին տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի տեղական մարմինին ամէնամեայ դրամահաւաք-ճաշկերոյթը, որ այս տարի նուիրուած էր «Հայաստան» հիմնադրամի 20-ամեայ յոբելեանին:
Օրուան հանդիսավար Թենի Նիկողոսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ հաւաքուած գումարներով երկու համայնքային կեդրոն (Կեանքի կեդրոն) պիտի կառուցուի Արցախի մէջ:
Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եկանեան խօսք առնելով` բարձր գնահատեց հիմնադրամին դերը Հայաստանի ու Արցախի կայացման գործին մէջ, մասնաւորապէս անդրադառնալով նաեւ Թորոնթոյի տեղական մարմինին ձեռնարկներուն:
Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան ներկայացուց վերջին 12 ամիսներու ընթացքին իրականացուած ծրագիրները:
Կառոյցի վերստուգիչ յանձնախումբին անունով նախագահ Վահէ Ճազմադարեան անդրադարձաւ 20 տարիներու ընթացքին հիմնադրամին իրականացուցած ծրագիրներրը:
Երեկոյթին ընթացքին նուիրատուութիւններէն գոյացաւ 315 հազար ամերիկեան տոլար, որուն հետ Թորոնթոյի տեղական մարմինը երկու համայնքային կեդրոն պիտի կառուցէ Արցախի մէջ, մէկը Դրախտիկի, իսկ միւսը` սահմանամերձ գիւղի մը մէջ:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

