Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Շաբաթ, 9 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:

Վարդագոյն, Կապոյտ եւ Կանաչ դասարաններու 145 աշակերտները ներկաները փոխադրեցին դէպի «մեծերու» եւ արհեստներու աշխարհ մը:

Մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այս երեկոյ մեր մանկապարտէզի 145 աշակերտները, ձեռք-ձեռքի տուած, մեզ պիտի տանին մեծերու աշխարհը: Երեխան, երբ տակաւին փոքր է, միշտ կ՛ուզէ մեծնալ, մամային եւ պապային պէս ըլլալ, անոնց նման անկախ ըլլալ, աշխատիլ: Բայց միեւնոյն ժամանակ ան կառչած կը մնայ իր մանկական աշխարհին, իր խաղերուն ու խաղալիքներուն: Ան շուարած կը մնայ, որովհետեւ տակաւին չի գիտակցիր, թէ ո՛րն է լաւը իրեն համար, մեծնա՞լը, թէ՞ փոքր մնալը: Մեկնելով մեր երեխաներուն մտահոգութիւններէն` մեր մանկապարտէզի փոքրիկ հերոսները այսօր մեզ պիտի տանին տարբեր-տարբեր գործերու, տարբեր-տարբեր արհեստներու: Անոնք պիտի ըսեն. «Երանի՜ մեծ-մեծ ըլլայինք, ինչե՜ր-ինչեր կ՛ընէինք»։ Մանկապարտիզպանուհին իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց Ճեմարանի նկարչութեան ուսուցիչ Գօգօ Արբաճեանին` բեմայարդարումին համար, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի բոլոր ուսուցչուհիներուն` իրենց ժրաջան աշխատանքին համար:

Կանաչ դասարաններու աշակերտները «Չեմ գիտեր» երգով հանդէս գալէ ետք մանկապարտէզի աշակերտները լծուեցան «մեծերու» զանազան արհեստներու աշխարհի բեմականացումին: Անոնք իւրաքանչիւր ասպարէզի վերաբերող գունաւոր տարազներով, պարերով ու երգերով ներկայացուցին ապագայ բժիշկները, հրշէջները, մարզիկները, երաժիշտները եւ այլն:

Կանաչ դասարաններու աշակերտները արտասանեցին «Ամէնէն լաւ գործը», ապա յաջորդաբար պարեցին խոհարարներու, մարզիկներու եւ ձկնորսներու պարերը, որոնցմէ ետք արտասանեցին  «Բժշկութիւնը»:

Կապոյտ դասարաններու աշակերտները  յաջորդաբար ներկայացուցին բժիշկներու, ներկարարներու  եւ հրշէջներու պարերը: Կարգը հասաւ Վարդագոյն դասարանի աշակերտներուն, որոնք նոյնպէս խանդավառեցին ներկաները նախ երկու պարերով` «Վարսայարդարներու պար» եւ «Երաժիշտներու պար», ապա Կանաչ դասարանի աշակերտները արտասանեցին «Երգ հայրենիքի մասին». «Ուր ալ երթամ, ինչ որ ըլլայ, ես զաւակն եմ Հայաստանի: Հայրենիքէս անուշ ու թանկ ուրիշ ի՞նչ կայ երկինքի տակ» խօսքերուն կարծէք արձագանգեց հայկական բանակը, եւ բեմ բարձրացան Վարդագոյն դասարանի «Քաջ զինուորներ»-ը` իրենց եռագոյն  գօտիներով ու ներկայացուցին զինուորական տողանցք-պար մը: Հանդէսի գեղարուեստական բաժինը աւարտեցին կանաչ դասարաններու աշակերտները` «Հայրենիք» երգով:

Հայ Ճեմարանի մանկապարտէզի հանդէսը ուրիշ ձեւով չէր կրնար աւարտիլ: Փոքրիկները պիտի մեծնան, պիտի ընտրեն զանազան արհեստներ, բայց ամէնէն կարեւորը` իրենց հայեացքը պիտի ըլլայ միշտ դէպի հայրենիք:

Հանդէսի վերջին բաժինը յուզիչ էր: Կանաչ դասարաններու աշակերտները վկայականներու հագուստներով սրահ մտան եռագոյն շղարշներով եւ  բեմ բարձրացան ու պարեցին «Մենք ենք մեր սարերը», ապա հրաւիրեցին Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանը. «Պրն. տնօրէն, մենք որոշեցինք չաճապարել, կամաց-կամաց մեծնալ: Քիչ մը գրել, քիչ մը կարդալ, շատ խաղալ, երգել ու պարել: Կը խնդրենք, որ բեմ բարձրանաք եւ մեր վկայականները մեզի տաք»: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխումը: Իւրաքանչիւր աշակերտ վկայականը ստացած ատեն ներկաներուն փոխանցեց, թէ ապագային ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ:

Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.

Աղասարգիսեան Սարին-Ռիթա, Թեմպելեան Ալիք, Կիպինեան Բալիկ, Մելքոնեան Ալիք, Նիւրբեթլեան Սինթիա, Պազարպաշեան Նանար, Փափազեան Ռիթա, Քէշիշեան Վանեսա, Քէօշկէրեան Լիւսի, Գասպարեան Շանթ, Թիւթէլեան Հրակ-Ցոլակ, Իրատեան Վարդան, Կիւրիւնլեան Հրակ-Դրօ, Մազաքեան Կրեկ, Մենկիշեան Նժդեհ, Պերեճիքլեան Քեւըն, Ֆեղալի Փոլ, Աթարեան Ռոմի, Գազանճեան Կալիլէա, Դարբինեան Մեղրի, Խոշաֆեան Սառա, Խտըրեան Արազ, Մեսրոպեան Սարին, Յակոբեան Մարիլին, Նաճարեան Մերի-Լիլիթ, Պասպուս Սինթիա, Արթուն Միքայէլ, Գարգուր Անթոնի, Թասլաքեան Մանուէլ, Ճիրիշեան Ճոհան-Նժդեհ, Նալպանտեան Կերի, Պազարպաշեան Մովսէս, Քէօսէեան Նարեկ, Աճեմեան Սերլա, Գլընճեան Լիանա, Գույումճեան Գարին, Թորթեան Գարեն, Կիւրեղեան Սերենա, Մխճեան Լոռի, Քէշիշեան Մելիսա, Ազատեան Արէն-Հայկ, Ալապաշեան Քեւըն, Գարգուր Ճոնի, Զարմէնեան Սեւակ, Թազեան Քրիստափոր, Թեմպելեան Հայկ, Մուրատեան Նիքոլա, Յովակիմեան Շանթ, Պարսումեան Քրիստ, Տեմիրճեան Յակոբ:

Նորսիկեան մանկապարտէզէն վկայեալ աշակերտները հանդէսը փակեցին Ճեմարանի քայլերգով:

Share this Article
CATEGORIES