Արմենակի Դրացուհին Որոշեր Է Բանաստեղծ Դառնալ

Արմենակի դրացուհիին ծանօթացած էի, երբ Արմենակ եւ Էլպիս իրենց ամուսնութեան ոսկի յոբելեանը տօնեցին, գեղեցիկ կին եղած ըլլալու էր: Ամուսինէն բաժնուած, զաւակները ամուսնացուցած, առանձին կ՛ապրէր: Պատմած էր, որ քանի մը տարի հայկական աղջկանց վարժարան մը յաճախած էր: Հիմա ֆրանսերէն բառերով հայերէն կը խօսէր: Նորահայերէն: Գոհունակութեամբ կ՛ըսէր, որ ուրիշներէն լաւ էր:

Այդ հանդիպումը մոռցած էի:

– Դրացուհիս, իր շրջապատին մէջ հայերէն խօսողի եւ գրողի չհանդիպելու պատճառով, իր մանկութեան մոռցուած հայերէնը բաւ սկսած է համարել եւ խօսակցական թափթփածութենէն անցած է բանաստեղծ ըլլալու դաշտերը: Երբ զիս կը տեսնէ, կը խօսի իր ցանկութեան մասին եւ էջ մըն ալ կու տայ, որ կարդամ եւ կարծիքս յայտնեմ,- խօսեցաւ Արմենակ, երբ ապուխտ-երշիկ ծախող նպարավաճառին քով հանդիպեցանք:

Նպարավաճառատան իրարանցումին մէջ միայն Արմենակ եւ ես ապուխտ եւ երշիկ կը գնէինք: Միւսները կը գնէին պասթըրմա կամ փասթուրմա:

– Զարմանալի մարդ ես, Արմենակ, թրքերէն խօսողը, անգլերէն կամ ֆրանսերէն գրողը կը քննադատես: Դրացուհիդ հայերէն կ՛ուզէ գրել եւ բարենիշ չես տար,- ըսի, որպէսզի ինչ որ ունէր տոպրակին մէջ, պարպէր:

– Մակա՛ր, կ՛ուրախանայի, երբ հայերէն խօսելու ճիգ կ՛ընէր: Բայց ո՞ր մոծակը զինք խայթած է, որ բանաստեղծ դառնայ: Բառարան կը նայի եւ տող կը շինէ: Կը թարգմանէ ֆրանսերէնէ, «ի վեր» չ՛ըսեր, կ՛ըսէ «տարի մը կ՛ընէ, որ կը սպասէ», կը նստի «հնամաշ շէնքի շուքին», կարծես շէնքը իր մաշած կօշիկը ըլլար: Եւ ինչե՜ր. թովչանք, կախարդանք… որոնք չկան:

– Այս բոլորը իրեն ըսի՞ր:

– Ինչպէ՞ս ըսեմ: Թշնամի կը դառնայ:

– Արմենակ, դրացուհիդ բառարանով բանաստեղծութիւն կը գրէ: Ինք գոնէ բառարան կը նայի: Ուրիշներ, աւելի մեծ հանգամանքով եւ փառասիրութիւններով, գիրք կը գրեն, բեմ կը բարձրանան: Ժողովուրդին պէս ըլլալու ցանկութեամբ, հայերէնը կը վերածեն փողոցի բարբառի, այդ ալ կը կոչեն ժողովրդական լեզու: Անգիտութիւնը կը դառնայ չափանիշ: Ա՛լ տարբերութիւն չկայ ամբոխայինին եւ ժողովրդականին միջեւ: Կ՛ըսեն, որ հասկցուելու համար այդպէս պէտք է գրել եւ խօսիլ:

– Պոլիս Ալփասլանը բանաստեղծութիւն կը գրէր: Լսէ՛. «Դուն տիրեկ ըլլաս, ես ելքեն պեզի / հովը փչէ տէ պլլուիմ քեզի»…,- եզրակացուց Արմենակ:

Կրկին յիշեցի Անդրանիկ Ծառուկեանը, որ յանգ ու բառով տող շինելու օրինակ կու տար. «Երկու կանգուն կտաւ / Արեւը մարը մտաւ»:

Երբ կը բաժնուէինք, դիտեցի յուսահատ Արմենակը: Դեռ ինչե՜ր «պիտի պլլուին» մեր ոսկեղնիկի ազազուն մարմնին, եւ ինչե՜ր «մար պիտի մտնեն»:

Իմաստուններ կան, որոնք վարդապետականօրէն կը շարունակեն ըսել, որ պէտք է քաջալերել եւ չխրտչեցնել: Չեն ըսեր` ո՞ւր հասնելու եւ ի՞նչ ընելու համար:

Նպարավաճառի պասթըրմայով եւ փասթուրմայով հայերէն կ՛ըլլա՞յ, բանաստեղծութիւն կը գրուի՞, որո՞ւ համար, ի՞նչ ընելու համար:

Հասկցուելու, սրահ լեցնելու սիրոյն, որպէսզի մարդիկ հաղորդուին… Բայց ի՞նչ բանով: Ա՞յդ է արդիականութիւնը…

Արմենակին պիտի ըսեմ որ… սեմինար, կամ սեմիներ կազմակերպէ, նոր (չ)իմաստութեան ալֆան եւ օմեկան մշակելու համար: Սրահ մը չի բաւեր: Ողիմպիական դաշտ մը պէտք է, եւ` գոռացող երգիչ մըն ալ… ապա թէ ոչ դաշտը պարապ կը մնայ:

Ի՜նչ փոյթ, եթէ յետոյ ալ ամայութիւն պիտի տիրէ…

ՄԱԿԱՐ, ի Համուտի Աշտարակ,
յամի Տեառն 26 յունիս 2012

 

Share this Article
CATEGORIES