Մանկական Գրականութիւն . Վերջապէս Ուրախ…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Տասնամեակէ մը ի վեր թափ առած է մանկական գրականութեան հետեւողներու հետաքրքրութիւնը: Մանկավարժութիւն ուսանած համալսարանական փորձառութեան տէր երիտասարդուհիներ հակեցան այս ճիւղին եւ ստեղծագործելու փափաքով որոշ յառաջընթաց մը իրագործեցին:

Այս դասակարգին մէջ կարելի է տալ անուններ, որոնք եղան իւրայատուկ ստեղծագործողներ, ուրիշներ հետեւեցան եւրոպական կամ ամերիկեան մանկապատանեկան գրականութեան նորութիւններուն, նկարազարդուած ձեւաւորման, ջանացին նմանիլ անոնց կամ հետեւողութեամբ նորութիւն ներմուծել հայկական մանկապատանեկան գրականութեան դաշտին մէջ:

Մանկապարտէզի առաջին տարիներուն յատուկ նկարչագեղ զարդարուն գրքոյկներ, ալպոմիկներ լոյս տեսան` հետզհետէ բարձրացնելով տարիքի աճման համընթաց աշխատասիրութիւններու որակը եւ թեման:

Այս ոլորտին մէջ նորութիւններ բերաւ մանկավարժ եւ մանկագիր Վերա Աբովեան-Սիսեռեան, որուն լոյս ընծայած նորագոյն հատորիկը` «Վերջապէս ուրախ…», ունինք մեր ձեռքին: Նկարազարդուած է Ռիթա Մասոյեան-Ետալեանի վրձինով, տրուած պատմութեան հետեւողութեամբ:

Վահիկն է հերոսը պատմութեան, մանչուկ մը, որ խառնուածքով երկչոտ կը թուի ըլլալ, ոչ ինքնավստահ, անգիտակից բարդոյթով: Հոգեբանական նիւթ մը արծարծած է հեղինակը` ներքին խռովքէ եւ անապահովութեան տրամադրութեամբ շուրջը դիտող մանուկները դէպի ինքնավստահութիւն մղող:

«Վերջապէս ուրախ…» է Վահիկ, որովհետեւ թօթափած է իր վախկոտ վիճակը եւ ինքնավստահ դարձած է առանց ուրիշին օգնութեան: Ան յաջողութեան դրօշը պարզած է եւ յաղթական քայլերով միացած է իր դասընկերներուն, որոնք դադրած են Վահիկը ծաղրելէ, անոր վրայ ծիծաղելէ:

Այս դրուագին մէջ Վերա Սիսեռեան զարգացուցած է ինքնակերտումի, ստորակայութեան բարդոյթը յաղթահարելու հոլովոյթը: Այս կապակցութեամբ Վահիկը հոգեփոխութեան ենթարկելու շինիչ դասը կու գայ կենդանական աշխարհէ, շուներէ, փողոցի շուներուն մէջ յարձակումի ենթարկուած շնիկէ մը: Եթէ պատմութիւնը բացայայտեմ, գուցէ հաճելի կամ օգտակար չըլլայ, հետեւաբար կը թելադրենք մեր ծնողաց, մեր մայրերուն, որ իրենք ունենան օրինակ մը եւ կարդան այս հաճելի, գեղատեսիլ գրքոյկը, օրինակ առնեն Վահիկէն, եւ քաջութեան ուժը զգան իրենց սիրտերուն մէջ:

Վերա Սիսեռեան մեր աշակերտներուն, մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն օգտակար եղած է իր նախորդ հրատարակութիւններով, ինչպէս հիանալի եւ օգտաշատ գիրքը` Հայաստանի աշխարհագրութիւնը, պատմութիւնը եւ ներկան ծանօթացնող: Ոչ միայն մանուկներուն, այլեւ մեծերուն պիտանի գիրք մը, վերյիշելու իրենց մոռցած պատմութիւնը, հայրենիքի կլիմային եւ բուսական-կենդանական աշխարհին գեղեցկութիւնը: Յիշենք նոյն ատեն, որ Վերա Սիսեռեան կ՛օգտագործէ մանուկներու հասկնալի հայերէն, որ իր լեզուամտածողութեան արգասիքն է:

Մեր մանուկներուն եւ պատանիներուն գրադարանը հարստացնող գիրք մըն է «Վերջապէս ուրախ…»-ը, ուրախ վերջաբանով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES