Հաշուեյարդարի Ենթարկա՞ծ Ես Քու Անձդ
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կեանքը հիւրանոց մըն է եւ մարդ այդ հիւրանոցին մէջ երկար ատեն որպէս հիւր կ՛ապրի, տնեցի կը դառնայ, ժամանակի ընթացքին կ՛ընտելանայ տան անդամներուն հետ, ապա օրէնքները կը սկսին սովորութենականանալ իրեն համար: Այլեւս այդ հիւրանոց-տան մէկ անդամը դառնալով` իր սէրը կը կիսէ իր կողակիցին հետ, նոր սերմեր կ՛աճին, կը ճիւղաւորուին եւ կը միանան այդ ընտանիքին. ահա ա՛յդ ժամանակ յանձնառութիւններն ու պատասխանատուութիւնները կ՛եռապատկուին եւ քեզ պարտաւորեալ ու անել իրավիճակի մէջ կը ձգեն: Այսպէ՛ս է կեանքը. ծնիլ, հասակ առնել, ուսանիլ, գլխագիր ու գլխադիր ՄԱ՛ՐԴ դառնալ, գործի ասպարէզի մէջ մտնել, տքնիլ, զաւակներ դաստիարակել, անոնցմով հպարտանալ եւ ապա թողուլ այս երկրաւոր կեանքը` երթալ միանալու երկնաւոր Հօր Աստուծոյ:
Մարդ հնազանդելով աստուածադիր «Հող էիր հող դառնաս» օրէնքին, «վերջակէտ» կը դնէ իր երկրաւոր կեանքին: Սակայն «վերջակէտ» իմաստը լաւագոյն կերպով կրնանք ըմբռնել, երբ զայն նկատի կ՛առնենք ոչ թէ որպէս վերջնակայան ու կենսահանգիստ վայր մը կամ կնքիչ վերջաբան մը, այլ ընդհակառակը` որպէս հին կեանքէ դէպի նոր կեանքի անցք մը, ելքի ճանապարհ եւ շարունակուող էջ մը: Սակայն ա՞յս է կեանքի յարադէտ նպատակդ:
Հողէն գոյաւորուած մարդ արարածը իր կեանքի նպատակը լաւապէս իմանալու համար պէտք է իր անկեղծ բարեկամին` խղճին դիմաց հաշուետուութեան ենթարկէ իր անձը: Սակայն այդ պահուն իսկ մարդ գոյակին մէջ կը ծագի հարցում մը, որ առհասարակ կը խռովէ անոր միտքը. «Աստուած, որ սիրոյ եւ արդարութեան Աստուած է, ինչո՞ւ անհաւասար ձեւով բաշխած է Իր շնորհքը: Ինչո՞ւ իմ ընկերս աւելի հարուստ է կամ` այլ կարողութիւններով օժտուած…»:
Սիրելի՛ բարեկամ, դուն քեզ երբեք պէտք չէ բաղդատես քու նմանակիցիդ հետ: Բոլո՛ր արարածներն ալ համահաւասար են Աստուծոյ աչքին: Եթէ բոլոր արարածները նոյն կարողութիւնները եւ շնորհքները ունենային, անկարելի պիտի ըլլար մարդկային կեանքը իբրեւ հաւաքականութիւն ըմբռնել ու ապրիլ, եւ կեանք կոչուող առեղծուածը յառաջընթաց մը պիտի չարձանագրէր ու տեղատուութեան մէջ պիտի ծփար: Կարողութիւններու այլազանութեան եւ ներդաշնակութեան մէջէն կրնաս ըմբռնել կեանքի նպատակդ եւ քու իւրայատկութիւնդ: Մեր եկեղեցւոյ հայրերէն մին խօսելով մարդ արարածիս կարողութիւններուն մասին` կ՛ըսէ. «Կարողութիւններու այլազանութեան շնորհիւ կարելի կը դառնայ մարդկային կեանքին մէջ իրարու ծառայելու սկզբունքը, որ մարդու կոչումին մաս կը կազմէ: Աստուծոյ ծառայել կը նշանակէ նախ` նմանին ծառայել, ճիշդ այնպէս` ինչպէս զԱստուած սիրել կը նշանակէ նախ նմանը սիրել: Առհասարակ մարդիկ Աստուծոյ ծառայելը կ՛ըմբռնեն այս վերջին իմաստին մէջ: Պատճառը պարզ է, որովհետեւ այստեղ մարդը դուրս կու գայ անձէն եւ Աստուծոյ սէրը կ՛արտայայտէ այնպիսի ձեւով մը, որ աւելի դրապէս կամ արդիւնաւորապէս կը նպաստէ Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատումին»:
Այս օրերուս բարձրաշէն ու գեղակերտ շէնքերու մէջ կ՛ապրինք, սակայն իբրեւ ՄԱՐԴ կ՛ապրինք ու կը գոյատեւե՞նք: Վասն ոչինչի եւ յօգուտ անբարոյութեան դրամ կը մսխենք, բայց իսկական ուրախութիւնը կ՛ըմբոշխնե՞նք: Բազմապիսի նախադրեալներ ու պարտաւորութիւններ ունինք, բայց «ժամանակ» չունինք: Պատճա՞ռը. որովհետեւ «գերզբաղ» ենք: Աշխարհ նուաճած ենք, մէկական «բանգէտ»-ներ ենք, բայց ճիշդ որոշում կայացնելու եւ մեր կեանքի նպատակը հասկնալու ատակ չենք: Ինչո՞ւ. որովհետեւ չարապատիր մտածումներով տոգորուած են մեր ողջ կերտուածքը եւ էութիւնը: Ի վիճակի ենք նիւթապէս ամէն բան կատարելու, բայց արժանիքներ չունինք, որովհետեւ աշխարհապատկան հրապարակներու վրայ մնայուն կերպով կը դեգերինք եւ աւազուտ յորձանուտներու մէջ կը գլորինք: Ամէն առիթի կը շաղակրատենք ու կը շաղփաղփենք, կ՛ընդդիմախօսենք եւ ատելով կ՛ատենք, որովհետեւ մեր աչքին գերանը արգելք կը հանդիսանայ մենք մեզ դիտելու: Արտաքնապէս ինչպիսի՜ դարմանումներու կ՛ենթարկենք մեր անձերը, բայց ներքնապէս ցեխոտած ու մրոտած ենք: Աւելի գեղատեսիլ տուներու, բայց աւելի շատ քանդուած տուներու ժամանակաշրջանի մէջ է որ կ՛ապրինք, որովհետեւ «սուրբ» ընտանիք հասկացողութիւնը շատոնց դադրած է կարգ մը «զարգացած» անձնաւորութեանց համար: Յաճախ կը պատրուակենք` ըսելով, թէ մերօրեայ դարը, մարդկային չափանիշներն ու օրինաչափութիւնները ամբողջապէս փոխուած են: Աշխարհը չէ՛ փոխուած, այլ մարդը ինք պէտք ունի ԻՆՔԶԻ՛ՆՔ ՓՈԽԵԼՈՒ:
Քրիստոսի կողմէ պատկերուած «Իմաստուն տնտեսի» առակը հաշուեյարդարի եւ հաշուետուութեան օրինակը կը պարզէ մեր մտահորիզոնին առջեւ (Տե՛ս Ղկ. 16.1-9): Տնտեսը մէկու մը քով պաշտօնի ու ծառայութեան մտած մարդն է, որուն կը յանձնուին որոշ ինչքեր կամ հարստութիւն, որպէսզի զանոնք մատակարարէ եւ օգտագործէ լաւագոյն ձեւով: Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուծոյ տնտեսը այն մարդն է, որ Անոր ծառայութեան մէջ կը մտնէ ու կը գործէ: Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ. «Թող մարդիկ այնպէս սեպեն, թէ մենք Քրիստոսի սպասաւորներն ենք եւ Աստուծոյ խորհուրդներուն տնտեսները: Եւ տնտեսներէն կը պահանջուի, որ հաւատարիմ ըլլան» (Ա. Կր. 4.1-2): Ինչպէս աշխարհային որեւէ կառոյցի, գործի կամ հարստութեան վերակացու կարգուած մարդ պարտաւոր է հաշիւ տալու իր մատակարարութեան համար, նոյնպէս ալ Աստուծոյ գործին վերակացուն եւ Անոր հարստութեան կարգուած տնտեսը պէտք է ունենայ ՀԱՇՈՒԵՅԱՐԴԱՐԻ հեռանկարը:
Աստուած քեզ տնտես կարգած է Իր հարստութիւնը լաւապէս դրսեւորելու եւ ի գործ ածելու: Աստուծոյ հարստութիւնը քու շնորհքներդ են, նմանակիցիդ հանդէպ քու սէրդ, ներողամտութեան եւ եղբայրասիրական մօտեցումդ` եղբայրներուդ եւ քոյրերուդ նկատմամբ…: Լա՛ւ գիտցիր, թէ աշխարհի վաղանցուկ հարստութիւններդ բաշխելով` կը ցրուես, կը կոտորակես ու կը սպառես զանոնք, բայց մինչդեռ Աստուծոյ կողմէ քեզի տրուած հարստութիւնը բաշխելովդ` կը տարածես, կ՛աճեցնես ու կը բազմապատկես զայն: Այլ խօսքով, անցողակի նիւթական հարստութիւնը սպառելով` կը կորսնցնես զայն, մինչդեռ Աստուծոյ հարստութիւնը սպառելով` աւելին կը գանձես ու կը դիզես ո՛չ միայն երկրի վրայ, այլեւ` երկնքի մէջ, որոնց վարձատրութիւնը անդենականին մէջ է, որ պիտի ստանաս:
Պայծառ առաւօտեան մարդ մը իր զաւկին հետ բացօթեայ վայր մը զբօսնելու կ՛երթայ: Ճամբու ընթացքին պատանեակին ոտքը քարի մը անցնելով` կ՛իյնայ: Խեղճ վիրաւոր տղեկը «ա՜խ» ըսելով կը պոռայ: Պահ մը յետոյ հեռուն գտնուող լանջէն միեւնոյն «ա՜խ»-ը կը լսուի եւ տղան շուարած, ձայնին ուրկէ՛ գալը կ՛ուզէ գիտնալ: Նոյն կողմը դառնալով դարձեալ կը պոռայ` «Ո՞վ ես դուն»: Միեւնոյն ձայնը կը լսէ` «Ո՞վ ես դուն»: Տղան զայրանալով «Դուն վախկոտ ես» կը գոչէ: Լերան լանջէն նոյն ձայնը վերստին կը լսուի` «Դուն վախկոտ ես»:
Տղան հօրը դառնալով` կը հարցնէ. «Հայրի՛կ, ի՞նչ է պատահածը»: «Տղա՛ս,- կը պատասխանէ հայրը,- մտիկ ըրէ եւ սորվէ՛»: Դէպի լանջ դառնալով` «Քեզ կը պաշտեմ ո՜վ Աստուած» կը պոռայ: Նոյն պատասխանը կը լսէ իր տղուն կատարածին պէս: Հայրը նորէն կը բացագանչէ` «Դուն հոյակապ ես» եւ անշուշտ նոյն բառերը կը լսուին` «Դուն հոյակապ ես»:
Զաւակը շլմորած` անցուդարձը չ՛ընկալեր: Հայրը բացատրութիւն կու տայ` ըսելով. «Մարդիկ այս պատահածը «արձագանգ» կը կոչեն, սակայն իսկութեան մէջ որքա՜ն կը համընկնի եւ կը նոյնանայ վերոյիշեալ իրադրութիւնը մեր կեանքին հետ, որ տեւական քու տուածներդ ետ կը վերադարձնէ քեզի: Կեանքը մեր արարքներուն հայելին է: Եթէ աւելի շատ սիրուիլ կ՛ուզես, աւելի շատ սէր ցոյց տուր: Եթէ աւելի շատ հոգատարութիւն կ՛ուզես, աւելի հոգատար եղիր: Եթէ յարգուիլ կ՛ուզես, աւելի շատ դուն յարգէ: Մարդոց համբերատար ըլլալը եթէ կ՛ուզես, դուն ալ համբերել սորվէ» (քաղուած` «Ապրիլ` խոկալով ու զգալով» գրքոյկէն):
Սիրելի՛ ընթերցող, կեանքիդ բեմահարթակին վրայ յաճախ կը հանդիպիս «ամենագէտ» մարդոց, որոնք առանց իրենք զիրենք դիտելու` ուրիշին յանցանքը կը տեսնեն ու կը մատնացուցեն: Այդպիսիք իրենց լսածին կէսը կը լսեն, քառորդը կը հասկնան, անրջական երազանքներ կը հիւսեն եւ կը մտածեն, սակայն «ճարտարութեամբ» կը գործեն ու կը բարբառին եւ իրենց ոխակալութենէն մղուած` մշտապէս կը յիշեն արտասանուած խօսքը կամ իրադարձութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Հաշուեյարդարը ամէնէն շինիչ եւ պատեհ առիթն է քեզի համար, ուր առիթը կ՛ունենաս ներհայեցողութեամբ ու խորասուզութեամբ Աստուծոյ աչքին ներքեւ ինքզինքդ տեսնելու, ինքզինքդ ըմբռնելու, ինքզինքիդ ըլլալու եւ ինքզինքդ ճանչնալու:
Դուն երկրի վրայ Աստուծոյ կողմէ կարգուած տնտեսն ես եւ պարտաւոր ես այդ հարստութիւնը իմաստութեամբ յանձանձելու, գործածելու եւ բաշխելու` զանոնք կենդանի գանձի եւ աճող հարստութեան վերածելով: Օր պիտի գայ տնտեսութեանդ համար հաշուետուութեան պիտի ենթարկուիս Աստուծոյ դատաստանին դիմաց: Պատրա՞ստ ես հաշուետուութեան նստիլ Աստուծոյ հետ, թէ՞ տակաւին կը կարծես ժամանակ ունիս: Աստուծոյ դատաստանը մօտեցած է…

