Անդրադարձ`. «Ազդակ»¬ի «50 Տարի Առաջ» Սիւնակին . Հաւատաւոր Դարբինը (Յակոբ Կիւլոյեանին)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Երբ մտաւորական հետաքրքրութիւնդ կ՛ուզես յագեցնել, արդարօրէն կ՛ըսուի, որ պատեհութիւններ չեն պակսիր:
Աւելի՛ն. երբ մէջդ խոր փափաք կ՛արթննայ պատմական թէ քաղաքական իրողութիւններու մասին իմանալու, յայտնապէս կը լծուիս ուսումնասիրութիւններու ընթերցման եւ յաւելեալ գրական պրպտումի:
Իսկ եթէ երբեք անմիջական շրջապատի, անհատի թէ հաւաքական կեանքի եւ ընդհանրապէս որոշակի թուականի մը մասին իրազեկ դառնալու կամեցողութիւնդ կը շեշտուի, ապա, բացորոշ է, որ դիմես մամուլին, որուն էջերէն անպայման որ պիտի կարենաս լոյսին բերել հանքանման ու բազմաշերտ արժէք ունեցող տեղեկութիւններ, լրատուութիւն եւ ընդհանրապէս յօդուածագրութեամբ ներկայացուած ծաւալուն աշխատութիւններ:
Այս առումով, տեղին է շեշտադրել, որ նման կարելիութիւն եւ ազնիւ աշխատանքի մը նախաքայլը արդէն իսկ առած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութիւնը` «50 տարի առաջ» վերտառութեամբ:
Ու այս սիւնակին ընդմէջէն, տարուէ տարի հայ ընթերցասէր հասարակութեան կը մատուցուին թուականներու, պատահած դէպքերու, քաղաքական իրադարձութիւններու, ներհայկական ձեռնարկներու եւ ընդհանրապէս գաղութահայ կեանքի մասին այնպիսի նիւթեր, որոնք այլապէս պիտի մոռացութեան մատնուէին կեանքի թաւալքին առընթեր:
Ընդգծենք նաեւ, որ ներկայացուած նիւթերը իրենց բովանդակութեամբ մեզ` հաւաքաբար կը մղեն ներհայեացօրէն եւ լրջութեամբ մօտենալու երբեմնի գաղութի իրագործումներուն, ատենին արձանագրուած յաջողութիւններուն թէ տեղատուութիւններուն, պարզապէս լիարժէքօրէն քննելու եւ շարունակելու գաղութահայ կեանքի հաւաքական երթն ու առաքելութիւնը:
Անցնինք:
1962 յունիս 5 թուակիր «Ազդակ»-ի համարէն արտատպելով` «Ազդակ»¬ի խմբագրութիւնը իր ընթերցողին ներկայացուցած էր Յակոբ Կիւլոյեանի ստորագրութեամբ «Խաղաղած պատուանդանը…» խորագիրը կրող յօդուած մը, որուն ընթերցմամբ ոչ միայն յաւելեալ լոյս կը սփռուէր Յակոբ Կիւլոյեանի հայրենապաշտի ու ազգասէրի ներաշխարհին, խոհական արտայայտութիւններուն եւ հայրենասէրի ըմբռնումներուն վրայ, այլեւ` անոր ցուցաբերած խրոխտ կեցուածքներուն, հաւատարիմ մօտեցումներուն, անխարդախ էութեան ծալքերուն, արուեստագէտի շնորհին եւ մտաւորական թռիչքներուն, որոնցմով շաղախած է իր կեանքը ամբողջ տասնամեակներ, եւ ցարդ կը շարունակէ ապրիլ արժանահաւատօրէն իբրեւ այդպիսին:
Զուգադիպութիւն:
Վերջերս, Յակոբ Կիւլոյեանի տրուած այցելութիւն մը բաւարար պիտի ըլլար վերահաստատելու այն ներքին համոզումդ եւ ապրած փորձառութեանդ իրաւութիւնը, որ հպարտօրէն կը կրէիր հոգիիդ մէջ, երկար տարիներէ ի վեր:
Փաստօրէն, ժամանակի թաւալումով եւ կեանքի արագասոյր ընթացքին ու առթած ճնշումին տակ, ոչինչ էր փոխուած անոր հոգեկան կառուցուածքէն, խանդ ու ժպիտէն, պայծառ մտածողութենէն, փայլուն յիշողութենէն, տոկուն խառնուածքէն, ընկերականութենէն եւ հայու ոգեկան բարձրութեան հաւատացողի իր էութենէն:
Սա քիչ մը «անսովոր» ու «տարօրինակ» կը հնչէր, որովհետեւ աւելի քան ութսունամեայ մտաւորական¬արուեստագէտի իր կոչումին հարազատօրէն կառչած Յակոբ Կիւլոյեան կը շարունակէր հաւատամքի իր երթը, շնչել ու շնչաւորել, ապրիլ ու ապրեցնել, ոգեւորուիլ ու ոգեւորել շրջապատ մը համակ` յանուն ցեղային առանձնայատկութիւններու առաւել բորբոքումին եւ նախնեաց սխրանքներու եւ արժանիքներու ամրապնդումին:
Իր հայրենապաշտի ապրումներով զրահաւորուած` ան Արարատի յաւերժութեամբ յափշտակուած եւ դէպի ազգային լուսակերտ ապագային իր հայեացքները ուղղած, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, իրեն ունկնդիր իւրաքանչիւր հայորդիի դիմաց կը պատկերէ վսեմ գաղափարներու եւ ազգային հաւատամքին ամէնէն նուիրական զգացողութիւնները, հակառակ կեանքի ներքին ու արտաքին դառնութիւններու գոյութեան:
Ի դէպ, մեր առաջին հանդիպման վայրը հայ վարժարանն էր եղած, դեռ 1980¬ական թուականներուն, երբ անզուգական ասմունքող եւ հայաշունչ արուեստագէտ Յակոբ Կիւլոյեան հրաւիրուած էր իր վաղեմի ընկերոջ` գրող¬մտաւորական ու վաստակաւոր ուսուցիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի կողմէ, որպէսզի հայ աշակերտութեան մատուցէ «Վէրք Հայաստանի»-ն, անոնց մէջ արթնցնելու ազգային գիտակցութեան ամէնէն վառ ապրումներն ու ազգասիրական հրդեհումները:
Իրաւամբ, ամբողջ ժամուան մը տեւողութեան Յակոբ Կիւլոյեան` յանձնուած իր աստուածատուր տաղանդին, անյեղլի կամքին, գորովագութի շնորհին ու հայրական վերաբերումին, աւելի քան հինգ հարիւր աշակերտներու ներկայութեան կը բացայայտէր իր առանձնակի սէրն ու խանդաղատանքը Խաչատուր Աբովեանի հանդէպ եւ մարտի ելած իր արշաւին մէջ կ՛առկայծէր իր սրտապինդ ու հոգեզմայլ զգացումներն ու յուզաշխարհը` մատղաշ սերունդին ակնապիշ եւ սեւեռուն նայուածքներն ու հոգիները լիացնելու ինքնեկ խոստումով մը:
Յայտնապէս, այդ օր իրեն ընծայուած պատեհութեամբ իսկ ան կը յաջողէր ազգային վեհափառ խորհուրդներու իրաւութիւնն ու անժամանցելիութիւնը փոխանցել իր շրջապատին` լոյսին բերելով աբովեանական Արարատապաշտի ներաշխարհն ու ազգային տոչորուն մտածողութիւնը, եւ այս բոլորը` պերճ առոգանութեամբ, հայաբոյր խայտանքով, առինքնող ու բոցավառ երեւակայութեամբ:
Ինչպէս միշտ, նաեւ իրեն տրուած այս այցելութեան ընթացքին Յակոբ Կիւլոյեան կրկին անգամ իր մտածումներուն եւ յուշերուն թափ տալով կը յանդգնէր ճառագայթել, հայրական իր անխառն յոյզերուն ու հոգեկան սլացքին ուժականութիւնը բոլորիս սեփականութիւնը դարձնելու նախանձախնդրութեամբ, իբրեւ երաշխիք` իր ազգային անսեթեւեթ ըմբռնումներուն անեղծ պահպանման:
Իրօք, Յակոբ Կիւլոյեան իր ազնուասիրտ տիկնոջ ներկայութեան, եւ մեր «գրգռիչ» պնդումներուն վրայ, կարօտախառն իր ապրումներուն եւ յուշերուն մատեանէն պատառիկներ կը փոխանցէր` մեզ փոխադրելով դէպի անցեալի դարպասները, այլապէս ընդելուզուելով ապրուած կեանքի մը անկորնչելի մասունքներու եւ անդառնալի յիշատակումներու մէն մի դրուագի հետ:
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, ի՛նչն էր հաճելին ու ոգեշնչողը եթէ ոչ այն, որ պատմողի իր կերպարին ընդմէջէն անզուգական ասմունքող եւ նրբահիւս յուզաշխարհի տէր Յակոբ Կիւլոյեան իր հանդարտաբարոյ խօսքերուն կը շաղախէր եզակի խանդն ու ընդոստ ժպիտը, ժիր ու խայտանքով առլցուն արտայայտութիւնները, որոնք մե՛րթ կ՛ուրախացնեն դիմացինը, մե՛րթ կը շնչաւորեն ունկնդիրը, մե՛րթ կը յուզեն շրջապատը, այլապէս անձնատուր դարձնելով զայն իր արուեստագէտ¬մտաւորականի կախարդանքին եւ հեզահամբոյր զգայնութիւններուն:
Իրեն այցելութիւն տուած խմբագիր օրիորդին, ուսուցչուհիին ու բարեկամին իսկ վկայութեամբ, Կիւլոյանական հիւմըրի մը առթած հրճուանքը պարզապէս անոր հաղորդական ըլլալու շքեղութիւնն է, որով պարուրած է իր ողջ կեանքը, ու կը մնայ իբրեւ այդպիսին, հակառակ տարիներու պարտադրած ալեհերութեան:
Յայտնապէս, սա էր գաղտնիքը անոր պայծառ մտածողութեան եւ ընկերական ոգիին, ու մանաւանդ` մնայուն կերպով քաջալեր հանդիսանալու անոր աներկբայ մօտեցումին:
Խոստովանիլ է պէտք, որ այցելութեան աւարտին, թէեւ բաժանումի դառնութիւնը ճնշող էր, այդուհանդերձ մխիթարական էին անոր բարեպաշտի խոհուն հայեացքները` իր յուշերուն կենդանութիւն տալու, գրելու եւ հետագայ սերունդներուն սեփականութիւնը դարձնելու զանոնք:
Ստուգապէս, մեր կարգին պարտաւոր ենք ակնկալել այս եզակի արուեստագէտէն նման հոգեշահ նախաձեռնութիւն` յանուն ազգային խորհուրդներու օղակաւորումին եւ արժանիքներու պահպանումին:
Ի վերջոյ ասմունքողի հոգեկանութեամբ յագեցած հաւատաւոր դարբին է ան, Խաչատուր Աբովեանի շունչին ու գործին ժառանգորդը:

