Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՐՏԱՔԻՆ գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը տեղեակ պէտք է պահէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուող որեւէ բռնարարքի կամ ոտնձգութեան մասին:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն իմաստութեան կարիքը ունի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու թղթածրարին լուծումը համայնքային դրդապատճառներէ մեկնելով չէ կատարուած:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երէկ երեկոյեան Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարներուն միջեւ հաղորդակցութիւններ կատարուած են` հանդարտեցնելու համար լարուածութիւնը:
ԺԱԼ էլ Տիպի բնակչութիւնը յառաջիկայ 10 յուլիսին ամբողջ օրուան ընթացքին Ժալ էլ Տիպի մայրուղին փակ պիտի պահէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 600 լ. ոսկիով, կարմիր մազութը` 400 լ. ոսկիով, կանաչ մազութը` 300 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշը` 200 լ. ոսկիով:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ եթէ քաղաքական որոշումը գոյանայ, ապա 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը քննարկելը երկար ժամանակի պիտի չկարօտի:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն խախտել քաղաքական իսկական գործակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ խորհրդարանի դիւանի վաղուան նիստը շատ կարեւոր է` աւելցնելով, որ իրենք յարմարագոյն ձեւին պիտի դիմեն` դուրս գալու համար այդ տագնապէն:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ կարելի չէ երկրին իշխանութեան պարագային շարունակել երկուութեան մէջ ըլլալու իրականութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան իր հողային, ջրային թէ վառելանիւթի բնական հարստութենէն ոչ մէկ զիջում պատրաստ է ընելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ երբ նկատած են խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ անդամներուն բացակայութիւնը, որոշած են չշարունակել նիստը` պահպանելու համար երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ ներկայ հանգրուանին տիրող պայմանները չեն արտօներ կառավարութեան նիստեր գումարել:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի հաւանական նկատեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն վերաբերող օրէնքը խորհրդարան վերադարձուի:
ՔՈՒՐԱՅԻ Քֆարաքա գիւղաքաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Ղովմի կուսակցութեան եւ Մարատա հոսանքին միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն ընթացքին Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Ուալիտ Ազարին զօրակցելու հեռանկարները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ խորհրդարանի նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու քայլը համայնքային բնոյթ չունի` ընդգծելով, որ նիստը պոյքոթի ենթարկած էր նաեւ Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը: Ժահժահ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցը համայնքային բնոյթ չունի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր կոչ ուղղեց կառավարութեան տալու քաղաքական որոշում մը, որուն հիման վրայ պահանջեց Նահր Պարետ գաղթակայանը շրջափակումէ զանց կացուցել:

